Որոնել

Migranti: in 39 sbarcano a Lampedusa, oggi arrivati in 216

«Պէտք է գոյութիւն ունենայ չգաղթելու իրաւունք», ըսաւ Քահանայապետը եւ հրաւիրեց մասնակցիլ համամիութենական աղօթքի հսկումին

Քահանայապետը իշեց այսօր յիշատակուող Գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային օրը ou նորոգեց հրաւէրը մասնակցելու Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ յառաջիկայ շաբաթ օր` 30 սեպտեմբերին նախատեսուած համամիութենական աղօթքի հսկումին ի պատրաստութիւն` 4 հոկտեմբերին սկիզբ առնող Սիւնհոդոսին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 սեպտեմբեր 2023ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն, նախ յիշեց այսօր յիշատակուող Գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Ազատ ընտրելու գաղթել կամ ոչ», «յիշելու համար, ըսաւ Ան, որ գաղթելը պէտք է ըլլայ ազատ ընտրանք, ու ոչ երբեք միակ ընտրանքը»։

Գաղթելը` ազատ ընտրանք

«Այսօր գաղթելու իրաւունքը շատերուն համար դարձած է պարտադրանք, մինչ պէտք է գոյութիւն ունենայ չգաղթելու իրաւունք, մնալու համար սեփական հայրենիքին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը, հարկաւոր նկատելով «իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ երաշխաւորել կարելիութիւնը ապրելու արժանապատիւ կեանք մը` այն ընկերութեան մէջ ուր կ՛ապրի»։

Հիւրընկալելող բաց ու պատրաստ հասարակութիւններ

Դժբախտաբար, թշուառութիւն, պատերազմ, կլիմայական տագնապ կը ստիպեն որ բազմաթիւ մարդիկ փախչին։ Ասոր համար բոլորս ալ հրաւիրուած ենք ստեղծելու հասարակութիւններ` որոնք ըլլան պատրաստ ու բաց հիւրընկալելու, խթանելու, ընկերանալու եւ ընդելուզելու անոնք, որոնք կը թակէն մեր դուռը։

Մարսիլիան եւ Միջերկրականի հանդիպումներ հաւաքը

Այս մարտահրաւէրը եղաւ «Rencontres Méditerranéennes» կիզակէտը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Մարսիլիոյ մէջ եւ որուն եզրափակիչ նիստին մասնակցեցայ երէկ, այցելելով քաղաքը` ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու խաչմերուկ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ, յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղելով Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, որոնք ամէն ջանք կը դափեն օգնութեան ձեռք մեկնելու համար գաղթական եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Հրաւէր մասնակցելու համամիութենական աղօթքի հսկումին

Քահանայապետը ողջունեց ապա հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ու նորոգեց հրաւէրը մասնակցելու Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ յառաջիկայ շաբաթ օր` 30 սեպտեմբերի երեկոյեան նախատեսուած համամիութենական աղօթքի հսկումին, ի պատրաստութիւն` 4 հոկտեմբերին սկիզբ առնող Սիւնհոդոսին։

Ան ապա հրաւիրեց յիշել Ուքրանիան ու աղօթել Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար ապա բարի կիրակի մաղթեց բոլորին խնդրելով` որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2023, 12:39