Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային 44 -րդ առաքելական ճամբորդութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Mosaïque d’espérance» կարգախօսով այսօր` Ուրբաթ 22 սեպտեմբերի կէսօրէն ետքը ժամը 2,45ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ իր Քահանայապետութեան միջազգային 44 -րդ առաքելական ճամբորդութեան, Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն ուղղուելով դէպի Ֆրանսայի Մարսիլիա քաղաք, ուր վաղը պիտի մասնակցի «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի փակման նիստին։
Ֆրանչիսկոս Պապը արդի ժամանակներու առաջին Քահանայապետն է, որ կ՛այցելէ ֆրանսական այս քաղաքը, անորմէ առաջ Մարսիլիան այցելած էր Կղէմէս Է Պապը, 1533 թուականին, Ֆրանչեսքօ Ա Թագաւորի որդի` ապագայի Էնրիքօ Բ թագաւորի, իր թոռնիկ` Քաթերինա Տէ Մետիչիի հետ ամուսնութեան առիթով։
«Rencontres Méditerranéennes» փառատօնը շարունակութիւնն է 2020ին Իտալիոյ Պարի քաղաքի եւ 2022ին Ֆիրենցէյի մէջ տեղի ունեցած երկու հաւաքներուն, որոնք համախմբեցին Միջերկրական Ծովուն ափերուն վրայ գտնուող երկիրներու եկեղեցական եւ քաղաքացիական ընկերութեան պատկան ներկայացուցիչները եւ ահա այժմ հանգրուան կը կատարէ Մարսիլիա, որ իր կարգին եղած է Արեւելքին դուրը եւ հիւրընկալած է Արեւելքէն եւ հարաւէն ժամանած բազմաթիւ ժողովուրդներ։
Ժամանում ու պաշտօնական հանդիպումներ
Ֆրանչիսկոս Պապը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող օդանաւը Մարսիլիա կը ժամանէ գրեթէ մէկ ժամ քառասուն վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք եւ Մարսիլիոյ Միջազգային օդակայանին մէջ Քահանայապետը կը դիմաւորէ Ֆրանսայի Վարչապետը եւ այնտեղ կայացած բարի գալուստի փրոթոքոլային արարողութենէն ետքը, կը փոխադրուի «Notre Dame de la Garde» Պազիլիքա, ուր հանդիպում կ՛ունենայ եւ կ՛աղօթէ Թեմական կղերին հետ, որուն աւարտին` ծովուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած նաւաստիներուն եւ գաղթականներուն նուիրուած Յուշակոթողին մօտ այլ կրօններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ հուսկ ներկաներուն կ՛ուղղէ իր սրտին խօսքը աւարտելով երկու օր տեւող իր այս ճամբորդութեան առաջին օրուան պաշտօնական յայտագիրը։
Նախագահ Մաթթարելլային ուղղուած հեռագիրը
Իտալիայէն մեկնումի պահուն Սրբազան Պապը, աւանդութեան համաձայն, քաղաքավարական հեռագիր մը ուղղեց Իտալիոյ Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային, որուն մէջ նշեց, թէ ինք կը մեկնի Մարսիլիա, ուր «պիտի մասնակցի հաւաքի մը, որ կը համախմբէ Միջերկրականի եկեղեցիներն ու քաղաքները նպատակ ունենալով խորհրդածել հիւրընկալութեան, ընդելուզման ու եղբայրութեան մարտահրաւէրներուն մասին, խթանելու համար միջ մշակութային երկխօսութիւնը եւ խաղաղութեան ուղիներ»։
Սրբազան Քահանայապետը առ այդ Նախագահին ու իտալիոյ համայն ժողովուրդին շնորհեց իր օրհնութիւնները մաղթելով հոգեւոր եւ ընկերրային բարօրութիւն։
Մարսիլիա քաղաքը եւ կաթողիկէ Եկեղեցին
Մարսիլիան ունի 650 քմ քառակուսի տարածք եւ 1 միլիոն 083 բնակչութիւն, որոնցմէ 742 հազարը կաթողիկէ են։
Այնտեղ կը գործեն 108 ժողովրդապետութիւններ, չորս հովուական խնամակալութեամբ զբաղող կեդրոններ։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ կը ծառայեն չորս եպիսկոպոսներ, 119 թեմական քահանաներ եւ 79 կրօնաւոր քահանաներ, հուսկ 29 մնայուն սարկաւագներ, 32 կրօնաւորներ ու 245 կրօնաւորուհիներ ապա 252 կրօնուսոյցներ։
Գալով դպրոցներուն Եկեղեցին կը մատակարարէ` 101 մանկապարտէզ և առաջնակարգի դպրոցներ ու 65 միջնակարգ դպրոցներ։
Յայտնենք որ Վատիկանէն չի մեկնած Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ եւ ողջունեց «Մարիամին Պարգեւ» անուամբ տան մէջ հիւրընկալուած քսան կիներ որոնք կ՜ընկերանային Մայր Թերեզայի միաբանութեան քոյրերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ