Ուլմա ընտանիքը թող ըլլայ տիպար բարիի ցանկութեան ու կարիքաւորներուն ի սպաս ծառայութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
10 սեպտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Ուլմա Լեհ ընտանիքի մարտիրոսութիւնը որուն երանացման արարողութիւնը կայացաւ այսօր` Մարքովայի մէջ։
Յովսէփ եւ Վիթթորիա Ուլմա իրենց եօթը զաւակներով Նացիներու կողմէ բնաջնջուեցան 24 Մարտ 1944ին հալածուած հրեաներուն ապաստան տուած ըլլալուն համար։
«Այդ ժամանակները յատկանշող ատելութեան ու բռնութեան` անոնք ընդդիմացան աւետարանական սիրով։ Թող այս լեհ ընտանիքը, որ լոյսի շող մը ներկայացուց Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի խաւարին մէջ, բոլորիս համար ըլլայ՝ ընդօրինակելիք օրինակ, մեր բարի ցանկութեան և կարիքաւորներու ծառայութեան մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը ծափահարութիւն խնդրելով Երանելիներու այդ ընտանիքին համար։
«Անոնց օրինակով մենք մեզ կոչուած զգանք զէնքի ուժին ընդդիմանալու սիրոյ ուժով, բռնութեան հռետորաբանութեան աղօթքի կամապաշտութեամբ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով այս մէկը ընել մասնաւորապէս բազմաթիւ այն երկիներուն համար, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառաւ ու յատուկէն յիշեց Ուքրանիան` որ մեծապէս կը տառապի» առաւել աղօթքներ խնդրելով անոր համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ