Որոնել

«Հովուական ծառայութեան մէջ համամիութիւնը լիարժէք միասնութեան բնական ճանապարհն է» Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը ընդունեց Ասորի Մալանքար օրթոտոքս եկեղեցւոյ կաթողիկոս` Նորին Սրբութիւն Պազելիոս Մարթհոմա Մեթիուս Գ-։ «Սիւնհոդոսականութիւնը եւ համամիութիւնը երկու ճանապարհ են, որոնք կ՛ընթանան միասին՝ կիսելով նոյն նպատակը՝ որ է հաղորդութիւնը, որ կը նշանակէ քրիստոնեաներուս շնորհած աւելի լաւ վկայութիւն` «որպէսզի աշխարհը հաւատայ» (Յովհ. 17.21)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 11 սեպտեմբեր 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս պաշտօնական ունկնդրութիւններուն, հանդիպում ունեցաւ եւ աղօթեց 2021ին ընտրուած եւ առաջին պաշտօնական այցելութեամբ Վատիկան ժամանած Ասորի Մալանքար օրթոտոքս եկեղեցւոյ կաթողիկոս` Նորին Սրբութիւն Պազելիոս Մարթհոմա Մեթիուս Գ-ի հետ, անոր նախորդ` Նորին Սրբութիւն Պազելիոս Մարթհոմա Փաուլոս Բ-ի Վատիկան կատարած այցելութեան տասներորդ տարեդարձին եւ ասորի մալանքար օրթոտոքս Եկեղեցւոյ կաթողիկոսի մը Հռոմ այցելութեան քառասուներորդ տարեդարձին առիթներով։

Հանդիպում եւ միասնական աղօթք

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Քահանայապետին ու Ասորի մալանքար օրթոտոքս Եկեղեցւոյ հայրապետին միջեւ առանձնական զրոյցով, որմէ ետքը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսին ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացումը, նուէրներու փոխանակումը եւ ճառերու փոխանցումը` հուսկ Ռետեմթորիս Մաթեր մատրան մէջ կայացաւ միասնական աղօթքը։

Իր պատուաւոր հիւրին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Պազելիոս Մարթհոմա Մեթիուս Գ-ին, իր ճառը իտալերէն լեզուով արտասանելուն համար ու այցելութեան համար` զոր Ան կատարեց Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու քաղաք, ուր Ասորի մալնաքար օրթոտոքս պատրիարքը ուսանած է եւ այժմ կը ժամանէ որպէս Եկեղեցւոյ մը Կաթողիկոս։

Երկու եկեղեցիներու միջեւ կապերը

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ գոհաբանութիւն յայտնեց Տիրոջ վերջին տարիներուն երկու եկեղեցիներու միջեւ հիւսուած կապերուն համար, ու դարաւոր բաժանումէն ետքը վերստին իրարու մօտենալուն համար, յատկապէս Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովէն ետքը` երբ 1964ին Պոմպէյի մէջ Սուրբ Պօղոս Զ հանդիպեցաւ Պազելիոս Աուկէն Ա-ին հետ, որուն ապա հետեւեցան 1983ին Պազելիոս Մարթհոմա Մաթիուս Ա-ին այցը Վատիկան եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին Քոթթայամի Սուրբ Եղիա տաճար կատարած այցելութիւնը` հուսկ 2013ին Պազելիոս Մարթհոմա Բաուլոս Բին այցը։

Սուրբ Թովմաս առաքեալ

Ողջունելով Մալանքար Ասորի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները, կղերական դասն ու հաւատացեալները Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց Եկեղեցւոյ ծագումին` Թովմաս Առաքեալի քարոզութեան միջոցաւ։ Առաքեալը` որ Յարուցեալին առջեւ զարմանքով դաւանեցաւ. «Տէր իմ եւ Աստուած իմ» եւ որ «հիմքն է նաեւ մեր հաւատքի դաւանանքին», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթելով միասին տօնախմբել Նիկիոյ Ա համամիութենական ժողովին 1700 ամեակը։

«Սուրբ Թովմասին հաւատքը անբաժանելի է անոր Քրիստոսի Մարմնին վէրքերուն փորձառութենէն» ըսաւ Քահանայապետը նշելով նաեւ, որ քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումները եւս Քրիստոսի Մարմնին` Եկեղեցւոյ համար ցաւալի վէրքեր են ու «եթէ միասին մեր մատները դնենք այդ վէրքերուն մէջ, եթէ առաքեալին նման ընդունինք Յիսուս` որպէս Տէր ու Աստուած, եթէ հլու սրտով յանձնուինք Անոր շնորհքին, կարող կ՛ըլլանք արագացնել այնքան սպասուած օրը, ուր Անոր օգնութեամբ, նոյն խորանին վրայ պիտի տօնենք Զատկական խորհուրդը» յարեց Նորին Սրբութիւնը մաղթելով, որ շուտով հասնի այդ օրը։

Քալել աղօթքի մէջ միասին

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց ապա քալել աղօթքի մէջ` միասին, յիշելով երկու եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբին աշխատանքները ու միասնական Յայտարարութիւնն ու անոր մէջ պարունակուած խօսքերը հաստատելով` որ «Քրիստոսը հռչակելը չի բաժներ այլ կը միացնէ»` ու թէ «Միասնական Յայտարարութիւնը տուաւ բարի պտուղներ, խթանելով երկու եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութիւնը` ի սպաս Աստուծոյ ժողովուրդի բարօրութեան»։

«Հովուական ծառայութեան մէջ համամիութիւնը լիարժէք միասնութեան բնական ճանապարհն է» ըսաւ ապա Քահանայապետը, գնահատելով Յանձնախումբին աշխատանքը ու մաղթանք յայտնելով նաեւ` որ երկու եկեղեցիներու միջեւ հովուական համաձայնագիրերը աճին ու ծաւալին

Սիւնհոդոսականութիւն

«Դէպի միութիւն տանող ճանապարհին վրայ այլ կարեւոր ուղին սիւնհոդոսականութիւնն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ուրախութիւն յայտնելով` որ յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք սիւնհոդոսին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Մալանքար Ասորի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէկ ներկայացուցիչը եւ համոզում արտայայտելով` թէ կաթողիկէ լատին եկեղեցին շատ բաներ կարող է սորվիլ Մանալքար Ասորի եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական դարաւոր փորձառութենէն, մաղթելով` որ յառաջիկայ հոկտեմբերին կայանալիք սիւնհոդոսը կարողանայ իր կարգին սատարել համամիութենական շարժումին։

Հաղորդութիւն` միակ խորանի շուրջ պատարագը

«Սիւնհոդոսականութիւնը եւ համամիութիւնը երկու ճանապարհ են, որոնք կ՛ընթանան միասին՝ կիսելով նոյն նպատակը՝ որ է հաղորդութիւնը, որ կը նշանակէ քրիստոնեաներուս շնորհած աւելի լաւ վկայութիւն` «որպէսզի աշխարհը հաւատայ» (Յովհ. 17.21): Եւ չմոռանանք, - և այս կ՛ըսեմ կաթողիկէներուն- որ Սիւնհոդոսի գլխաւոր հերոսը Սուրբ Հոգին է, մենք չենք», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու ճառը աւարտեց դարձեալ ակնարկելով Սուրբ Թովմասին, որուն Տէրը ցոյց տուաւ իր վէրքերը, որպէսզի հաւատայ, ու մաղթեց որ «խաչեալ ու յարուցեալ Տիրոջ ուղղուած միասնական հայեցողական ակնարկը յառաջացնէ անցեալի վէրքերուն բուժումը եւ մեր աչքերուն առջեւ յայտնուի Ան` մեր Տէրն ու մեր Աստուածը, որ մեզ կը կոչէ զԻնք ճանչնալու եւ պաշտելու Սուրբ Հաղորդութեան միակ խորանին շուրջը»։

«Թող` որ այս մէկը շուտով իրականայ։ Աղօթենք ասոր համար» ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով իր ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2023, 11:50