Մոնկոլիայի ճամբորդութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձի ճանապարհին վրայ է դէպի Հռոմ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 4 սեպտեմբեր 2023ին, Մոնկոլիա կատարած պատմական ճամբորդութեան վերջին օրը առաւօտեան, նախ քան Մոնկոլիայէն հրաժեշտ առնելը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տեղական ժամով 9ին (Հռոմ 3ին) այս օրերուն իր բնակավայրը հանդիսացող Մոնկոլիայի Առաքելական Կուսակալատան մէջ ողջունելէ ետք այնտեղ գործող աշխատակազմը եւ Կուսակալատան բարերարները` փոխադրուեցաւ Ուլաապաթորի կեդրոնը գտնուող` Սուրբ Պօղոս Տը Շարդրի հիւանդապահական քոյրերու միաբանութեան պատկան նախկին դպրոցական համալիր, «Ողորմութեան Տուն» անուամբ նորակառոյց կեդրոն, որ ծնունդ առած է Առաքելական Կուսակալ` Կարդինալ Ճորճօ Մարենկոյի ջանքերով եւ կաթողիկէ հաստատութիւններու աջակցութեամբ, վերածուելով հիւրընկալութեան վայրի մը` ի նպաստ աղքատներուն պիտի ծառայէ նաեւ չքաւորներուն` որպէս բուժարան։
Ողորմութեան Տուն
Տունը ապա կարող պիտի ըլլայ ժամանակաւոր կերպով հիւրընկալելու գաղթականները, որոնք քաղաք կը հասնին եւ կեցութեան տեղ չունին։
Ողորմութեան Տան գործիչները իրենց ծառայութիւնը պիտի մատուցեն համագործակցութեամբ տեղական առողջապահական հաստատութիւններու, ոստիկանութեան եւ ընկերային հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններուն հետ։
Յայտնենք որ Կուսակալական մէջ Նորին Սրբութիւնը հակիրճ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մոնկոլիայի նախկին նախագահ Նամպար Էնխապայարի հետ։
«Ողորմութեան Տան» կեդրոնի այցը
«Ողորմութեան Տան» մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ բարեգործական ծառայութիւն մատուցող անձանց հետ, ապա բացումը կատարեց Ողորմութեան Տան` օրհնելով անուանատախակը։
Յայտնենք որ Կուսակալական մէջ Նորին Սրբութիւնը հակիրճ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մոնկոլիայի նախկին նախագահ Նամպար Էնխապայարի հետ
Հանդիպումի վայր ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ կեդրոնի տնօրէնի կողմէ, որ ապա Քահանայապետին ուղղեց բարի գալուստի խօսքը, ապա կաթողիկէ հաստատութիւններու մաս կազմող մանուկներու ներկայացուցած պարէ մը ետքը, Ողորմութեան տան մէկ գործիչը ներկայացուց վկայութիւն մը, որուն յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։
Հանդիպումը աւարտեցաւ Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքով ու Քահանայապետի օրհնութեամբ։
Հրաժեշտ
Նորին Սրբութիւնը ապա հրաժեշտ առնելով ներկաներէն փոխադրուեցաւ Մոնկոլիայի մայրաքաղաք Ուլաապաթարի Ճինկս Խան միջազգային օդակայան, ուր Երկրի արտաքին գործոց նախարարի ներկայութեամբ տեղի ունեցած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին բարձրացաւ օդանաւ վերադարձ կատարելով Իտալիա` Հռոմ ապա Վատիկան, ուր ժամանումը նախատեսուած է գրեթէ 11 ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք` Հռոմի ժամով 17,20ի ժամանակները։
Հազիւ Մոնկոլիայէն մեկնած Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութեան հեռագիր մը յղեց Երկրի Նախագահին, որուն մէջ իր երախտապարտութիւնը արտայայտեց Նախագահին ու Երկրի իշխանութիւններուն ու համայն Մոնկոլիայի ժողովուրդին, «ջերմ ընդունելութեան ու վեհանձն հիւրասիրութեան համար» ապա իր աղօթքները ապահովեցուց` «խաղաղութեան եւ ազգին միութեան ու բարօրութեան» համար բոլորին վրայ հայցելով աստուածային առատ օրհնութիւններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ