Որոնել

2023.09.23 Viaggio a Marsiglia - Conferenza stampa

Մարսիլիան կը հիւրընկալէ` անիկա պատգամ է Եւրոպայի համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարսիլիայէն Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ աւանդական զրոյցի ընթացքին շեշտը դրաւ Մարսիլիոյ ու անոր հիւրընկալութեան ուժի իրականութեան վրայ հաստատելով, որ «լաւապէս կազմակերպուած գաղթականութիւնները հարստութիւն են»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ 23 սեպտեմբերի երեկոյեան, աւարտելէ ետք Մարսիլիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին, Քահանայապետը սովորութեան համաձայն հանդիպեցաւ ու զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ պատասխանելով անոնց ուղղած մի քանի հարցումներուն։

Գաղթականութիւնը

«Դուք ձեր քահանայապետութիւնը սկսաք Լամփետուզայէն, դատապարտելով անտարբերութիւնը, տասը տարի ետք Եւրոպայէն կը պահանջէք ըլլալ զօրակից։ Տասը տարի է ի վեր դուք կը կրկնէք նոյն պատգամը` ասիկա կը նշանակէ թէ ձախողեցա՞ք», եղաւ France Televisions լրագրողուհի Raphaelle Schapiraի Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղած առաջին հարցումը, որուն պատասխանելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Չեմ կարծեր ձախողած ըլլամ։ Այսօր գաղթականութեան հարցին նկատմամբ կայ աւելի մեծ գիտակցութիւն.... Անկելա Մերքելը անգամ մը ըսաւ, որ գաղթականութեան հարցը կը լուծուի Ափրիկէ երթալով ու ափրիկեան ժողովուրդին կեանքին մակարդակը բարձրացնելով։ «Բայց եւ այնպէս կան տակաւին վատ իրավիճակներ», յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով Մահմուտ անունով գաղթականի մը պատմութեան, որ անձնասպան եղաւ ի տես խոշտանգումներուն։

Ան ապա խօսեցաւ մարդավաճառութեան իրականութեան մասին, որ կը ստրկացնէ մարդիկը ընդգծելով «մենք չենք կրնար այս մարդիկը ետ մղել կարծես «փինկ փոնկի» գնդակ ըլլային։ Ո՛չ։ Ասոր համար ես դարձեալ կը շեշտեմ սկզբունքը` գաղթականները պէտք է ընկալուին, առաջնորդուին, խթանուին ու ընդելուզուին։ Եթէ կարող չես քու երկրիդ մէջ ընկալել զանոնք, առաջնորդէ զայն ու ընդելուզէ իր երկրին մէջ բայց զինք մի լքեր մարդավաճառներու ձեռքերու մէջ, որ զայն կը վաճառեն ու կը շահագործեն»։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա գաղթականները փրկող ընկերակցութիւններուն, դիտել տալով, թէ ինք անոնցմէ մին հրաւիրած է յառաջիկայ Սիւնհոդոսին, ապա վերահաստատեց` թէ այսօր կայ աւելի մեծ գիտակցութիւն։ Գաղթականութեան հարցին շուրջ իրազեկութիւնը փոխուած է» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Հեշտամահը

Երկրորդ հարցումը հեշտամահի մասին էր ու յատկապէս Ֆրանսայի մէջ Կառավարութեան կողմէ մշակուող կեանքի աւարտի մասին օրէնքը, որուն մասին արտայայտուելով Սրբազան Պապը նշեց, թէ ինք նախագահ Մաքրոնի հետ առաւօտեան ունեցած հանդիպումի ընթացքին այս մասին չէ խօսած բայց առիթը ունեցած էր անոր արտայայտելու իր կարծիքը երբ ան այցելած է Վատիկանը, անոր ըսելով` որ կեանքին հետ խաղ չըլլար, ոչ սկիզբը ոչ ալ աւարտին։ «Իմ կարծիքս այն է, որ կեանքը պէտք է պաշտպանուի» ըսաւ Քահանայապետը ու ։ այս առնչութեամբ խրատեց կարդալ 1907 թուականին հրատարակուած գիրք մը «The Lord of the World» վերտառութեամբ ու հրաւիրեց նաեւ զգոյշ ըլլալ գաղափարական գաղութատիրութիւնէն, որոնք, ըսաւ Ան, կը կործանեն մարդկային կեանքը եւ դէմ են մարդկային կեանքին։

«Այսօր կը ջնջուին մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն կեանքերը, մինչ մարդկային հարստութիւնը կը կայանայ տարեց-թոռնիկ երկխօսութեան մէջ… Կեանքին հետ չի խաղցուիր» կրկնեց Սրբազան Պապը։

Պատերազմը

Երրորդ եւ վերջին հարցումը Ուքրանիոյ պատերազմի մասին էր ու Վատիկանի այդ պատերազմի խաղաղութեան առաքելութեան մասին ու անորմէ բխող հիասթափութեան մասի` ի տես տակաւին շատ տկար արդիւնքներուն։

«Ճիշտ է կայ հիասթափութիւն, որովհետեւ Պետական Քարտուղարութիւնը ու նաեւ Կարդինալ Ծուփիին առաքելութիւնը ամէն բան կ՜ընեն հասնելու համար խաղաղութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով` որ «այս պատերազմը միայն ուքրանիա - ռուսաստան հարց մը չէ, այլ զէնք վաճառելու հարց է, զէնքի վաճառականութիւն է»։

«Տնտեսագէտ մը մի քանի ամիսներ առաջ ըսած էր, որ ամէնէ արդիւնաբեր ներդրումները զէնքի արտադրութեան, այսինքն մահուան արտադրութեան ոլորտի մէջ ներդրումներն են։ «Ուքրանացի ժողովուրդը մարտիրոս ժողովուրդ է, որ շատ կը տառապի» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը գոհունակութիւն յայտնելով որ վերջերս մի քանի երկիրներ ետ քաշեցին զէնքի մատակարարումի իրենց պատրաստակամութիւնը։

Մարսիլիոյ պատգամը

Վերադառնալով ապա առաջին նիւթին` Մարսիլիոյ ճամբորդութեան, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց` որ Մարսիլիան բազմաթիւ մշակոյթներու քաղաքակրթութիւն մըն է, գաղթականներու նաւահանգիստ է։ Մրասիլիան հանդիպումի մշակոյթ է, ուր իրար հետ կ՛ապրին տարբեր դաւանանքներ, Մարսիլիան ստեղծագործ խճանկար է, նաւահանգիստ մը` որ պատգամ է Եւրոպային. Մարսիլիան կը հիւրընկալէ։ Կը հիւրընկալէ եւ կը յարգէ առանց ժխտելու ժողովուրդներուն ինքնութիւնը։ Պէտք է մտածենք այս հիւրընկալութեան կարողութեան մասին։ Եւրոպայի մէջ կարիքը ունինք աշխատուժի եւ լաւ կազմակերպուած գաղթականութիւնները հարստութիւն մըն են։ Եկէք մտածենք գաղթականութեան այս քաղաքականութեան մասին, որպէսզի դառնայ պտղաբեր ու մեզի օգուտ ըլլայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2023, 08:00