Որոնել

Աղբերու բեռնակարք Աղբերու բեռնակարք 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Թափուած ուտելիքը աղքատներուն համար վիրաւորանք է»

Սնունդի վատնումի եւ կորուստի իրազեկման մասին միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։ «Ան որ ուտելիք չ՝ունի մեր եղբայրն է»։նշեց Սրբազան Հայրը։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սննդամթերքի մսխումի եւ կորուստի իրազեկման միջազգային օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամով մը կոչ յղեց անցնելու վճռական որոշումներուն՝ յանուն երկրագունդի բարիքներու արդար վերաբաշխման եւ ընդդէմ սննդի ոչնչացման աղէտին։

«Այն ուտելիքը, որ մենք աղբերուն մէջ կը նետենք, մենք անարդարօրէն կը խլենք չ՝ունեցողներու ձեռքէն» Անոնցմէ շատեր, որոնք իրենց մարդկային անձեռնմխելի արժանապատուութեան շնորհիւ օրուան հացի կարօտը ունին», գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէն, Քու Տոնկյուին յղած պատգամին մէջ, Սննդամթերքի մսխումի եւ կորուստի իրազեկման միջազգային օրուան առթիւ։ Պապին պատգամին ընթերցումը կատարեց Սուրբ Աթոռի ՖԱՕ-ի մօտ մնայուն դէտ գերապայծառ Քիքա Արելլանոն։

Անօթութիւնը եւ սնունդի վատնում

Ֆրանչիսկոս Պապին համաձայն սնունդի կորուստի եւ վատնումի ժանտախտը նոյնքան մտահոգիչ է, որքան սովի ողբերգութիւնը, անոնք երկու ողբերգութիւններ են, որոնք միաւորուած են ներքին արմատով մը. « Գերիշխող մշակոյթը հանգեցուցած է սնունդի արժէքին աղաւաղման, վերածելով զայն զուտ փոխանակման ապրանք»նշեց Սրբազան Հայրը զգուցշացնելով, որ «Կարելի չէ սահմանափակուիլ՝ իրականութիւնը կարդալէ տնտեսական բանալիով կամ անյագ շահոյթով։ Անհրաժեշտ է ներդրել ֆինասական աղբիւրներ, միացնել ուժեր, անցնիլ զուտ յայտարարութիւնէն դէպի ներառական վճռական որոշումներ»։

Սնունդը երբեք խնդիր չէ

«Սնունդը կ՝երաշխաւորէ կեանքը եւ երբեք կարելի չէ խնդիր նկատել, նշած է սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ« Չենք կրնար մատնանշել աշխարհի բնակչութեան աճը, որպէս երկրագունդի պատճառ՝ բոլորին բաւարար չափով կերակրելու, որովհետեւ իսկական պատճառները՝ որոնք հիմքը կը կազմեն աշխարհի մէջ անօթութեան տարածման, երկրի բարիքինները վերաբաշխելու շօշափելի քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է» գրեց Սրբազան Հայրը։

Ան որ ուտելիք չ՝ունի մեր եղբայրն է

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարեց վերակենդանացնել «Մէկ համընդհանուր մարդկային ընտանիքին մեր ընդհանուր գիտակցութիւնը։ Թող Ազգերու ընտանիքը ճշմարիտ դառնայ։ Ան որ դատարկ ստամոքսով քնանալու կ՝երթայ մեր եղբայրն է։ Անոր հետ կիսելը այն ինչ, որ ունինք՝ եւ արդարութեան, եւ եղբայրական զօրակցութեան հրամայական է, որ կը բխի ընտանեկան յարաբերութիւններէն»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2023, 10:19