Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քլինթոն Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քլինթոն 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ոչ պատերազմին, նուաճողական ծրագիրներուն եւ ռազմական յարձակումներուն»

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը առցանց ելոյթ ունեցաւ Clinton Global Initiative նախաձեռնութեան ու անդրադարձաւ ժամանակակից աշխարհը յուզող շտապ հարցերուն ու կոչ ուղղեց պայքարելու եսասիրութեան եւ ինքնահաճութեան դէմ։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առցանց ելոյթ ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած Clinton Global Initiative երկօրեայ նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է բացայատել եւ կիսել այն ձեւերը, որոնց միջոցաւ կարելի է, փոքրիկ քայլերով իրականացնել ապրելակերպի իսկական փոխակերպում՝ միասին յառաջ ընթանալու համար, հակառակ ազգերու վրայ ազդող հարցերուն։

Մեծ եւ ընդհանուր պատասխանատուութեան որդեգրում

Առցանց ելոյթին սկիզբը անդրադառնալով աշխարհը յուզող հարցերուն՝ կլիմայի փոփոխութիւնը, փախստականներու եւ գաղթականներուն վրայ ազդող մարդասիրական տագնապները, Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, թէ լոկ միասնաբար է որ կարելի է աշխարհը ամոքել համաշխարհայնացած անտարբերութենէն ու մաս մաս կատարուած համաշխարհային պատերազմի մարտահրաւէրին դիմաց հրամայական է ընդհանուր եւ մեծ պատասխանատուութեան ստանձնումը։

«Ոչ մէկ մարտահրաւէր կարելի է յաղթահարել միայնակ ու ասոր համար կը փափաքիմ քաջալերել բարի կամք ունեցող այր մարդիկն ու կիները, երբեք չյուսալքուելու դժուարութիւններուն դիմաց», ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը։

Բնապահպանական աղէտները

Բնապահպանական աղէտներուն առնչութեամբ Քահանայապետը անհրաժեշտ նկատեց միասնաբար աշխատելու կարեւորութիւնը՝ այդ աղէտները դադրեցնելու, նախ քան որ ուշ ըլլայ, յիշելով «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականը։

Փախստականներու եւ գաղթականներուն շտապ հարցերը

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ փախստականներու եւ գաղթականներու արտակարգ իրավիճակի մասին, նշելով` թէ անոնք թիւեր չեն, այլ անհատներ՝ այր մարդիկ, կիներ ու մանուկներ ու ասկէ մեկնելով յորդորեց` թէ երբ  կը խօսինք գաղթականներու մասին պէտք է նայինք գաղթավայրերու մէջ հանդիպած մանուկներու աչքերուն։

Պապին հիւանդանոցը՝ Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանը

Սրբազան Պապը առ այ ակնարկեց  Քահանայապետին Հիւանդանոց՝ Մանուկ Յիսուս բուժարանի մասին, որ վերջին ամիսներուն խնամք տարած է իրենց հայրենիքէն փախուստ տուող աւելի քան երկու հազար մանուկներուն։ Ան յանձնարարեց ու անհրաժեշտ նկատեց, որ առողջապահութիւնը հասանելի ըլլայ բոլորին, նկատել տալով, որ չկան անբուժելի անչափահասներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ այն իւրայատկութեան, որ կը բնորոշէ Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցի գործունէութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ. «Կ՝ուզէ ըլլալ նշան, վկայութիւն մը` այն մասին, թէ ինչպէս կարելի է համատեղել մեծ գիտական հետազօտութիւններ, որոնք ուղղուած են մանուկներու խնամքին, անվճար հիւրընկալելու համար ան  որ կարիքի մէջ է։

«Գիտութիւն եւ հիւրընկալութիւն» այս երկու բաները հազուադէպ իրար կը հանդիպին որոշ մակարդակի», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2023, 10:11