Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մայր Թերեզայ գթութեան միաբանութեան քոյրերը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մայր Թերեզայ գթութեան միաբանութեան քոյրերը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Մայր Թերեզայի «Գթութեան» միաբանութեան միսիոնարներուն

«Ուրիշին մէջ տեսնել Քրիստոսը, ոեւէ անձի որ կը մօտենանք կամ կը հանդիպինք Քրիստոսն է, «Այս եղաւ քոյր Քրոսվիթայի ու անոր քոյրերուն հիւրընկալութեան եւ եղբայրութեան մարգարէութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 23 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առանձնական հանդիպում ունեցաւ Saint Mauront շրջանի մէջ գնտուող Մայր Թերեզայի տան մէջ ապրող եւ տնտեսական դժուար կացութեան մէջ գտնուող խումբ մը անձերուն հետ։

Մայր Թերեզայի քոյրերուն խնամքին տակ գտնուող աղքատներու հետ ունեցած Հանդիպումին ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ընդունելութեան համար մատնանշելով, որ բոլորս եղբայրներ ենք ու եղբայրութիւնը կարեւոր է ։

Շատ անգամ մեր քաղաքակրթութիւնները «մեզ կ՝առաջնորդեն ապրելու որպէս թշնամիներ կամ օտարներ։ Մարգարէական ժեսթը՝ իբրեւ եղբայրներ ապրիլ է եւ դա մարգարէութիւն է» եղբայրութիւն որ կ՝երթայ «քաղաքական եւ կրօնային մտածումներէն անդին» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ապա ողջունելով Մայր Թերեզայի տան մայրապետները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տուած վկայութեան համար, յայտնելով թէ շատ ուրախ է հոն գտնուելու համար։

Մայր Թերեզային մայրապետներուն շարքին, Քոյր Քրոսվիթա, որ երկու տարիէ ի վեր իր քոյրերուն հետ կը ծառայէ աղքատներու նուիրուած սեղանատան մէջ Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով իրենց խնամքի տակ գտնուող անձերու մասին նշեց «Թէ անոնք աղքատներ ու շատեր անոնցմէ կ՝ապրին ճամբաները ու վերջերս Սուտանէն եկած են խումբ մը անձեր, որոնք տեղ չ՝ունին ապրելու եւ կը քնանան ճամբաները։

«Ուրիշին մէջ տեսնել Քրիստոսը, ոեւէ անձի որ կը մօտենանք կամ կը հանդիպինք Քրիստոսն է« Այս եղաւ քոյր Քրոսվիթայի ու անոր քոյրերուն հիւրընկալութեան եւ եղբայրութեան մարգարէութեան ֆրանչիսկոս Պապին տուած վկայութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2023, 13:15