Միասին կազմենք խաղաղութեան խճանկարը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այսօր՝ 22 Սեպտեմբերին, Մարսիլիա «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնին առիթով Առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրը, ծովուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած նաւաստիներուն եւ գաղթականներուն նուիրուած Յուշակոթողին մօտ այլ կրօններու առաջնորդներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած աղօթքի ծիրէն ներս իր խօսքն ուղղեց ներկաներուն:
Չընտելանալ նաւաբեկութիւններուն
Անոր սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը՝ ուշադրութիւնը սեւեռելով «նաւաբեկութիւններու ողբերգութեան վրայ, որ մահ կը սփռէ», յորդորեց «չընտելանալ նաւաբեկութիւններուն՝ որպէս ամենօրեայ լրահոսի փաստեր, իսկ ծովուն մէջ մահերը, որպէս ուղղակի թիւեր, ընդունելուն հետ... Նման ողբերգութեան առջեւ ոչ թէ խօսքեր, այլ գործողութիւններ են պէտք։ Նախ մարդասիրութիւն է պէտք՝ լռութիւն, արցունքներ, կարեկցանք ու աղօթք։ Այժմ կը հրաւիրեմ ձեզ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու մեր այս եղբայրներու եւ քոյրերու յիշատակը. թող մեզի յուզեն անոնց ողբերգութիւնները», յարեց Ան, որուն հետեւեցաւ լռութեան պահ:
Միջերկրականը՝ հսկայական գերեզմանոց, ուր կը թաղուի միայն մարդկային արժանապատւութիւնը
«Չափազանց շատ մարդիկ, փախչելով հակամարտութիւններէն, աղքատութենէն և բնապահպանական աղէտներէն, աւելի լաւ ապագայ որոնելու ժամանակ, վերջին մերժումը կը գտնեն Միջերկրական ծովուն ալիքներու մէջ: Եւ այսպէս, այս շքեղ ծովը վերածուած է հսկայական գերեզմանոցի, ուր բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր զրկուած են անգամ շիրիմ ունենալու իրաւունքէն, եւ ուր կը թաղուի միայն մարդկային արժանապատւութիւնը», վերսկսեց խօսքը Նորին Սրբութիւնը, որ ընդգծեց, թէ մարդկութիւնը կը գտնուի ճամփաբաժանի մը եզրին. Մէկ կողմէ եղբայրութիւնն է՝ մարդկային համայնքի պարարտ բարիքը, միւս կողմէ՝ անտարբերութիւնը, որ կ’արիւնոտէ Միջերկրականը: Ընտրութիւնը մէկն է՝ պէտք է փրկել մարդկանց, որոնք, վտանգի տակ կը դնեն սեփական անձը ալիքներու վրայ. «Դա մարդկութեան պարտքն է, դա քաղաքակրթութեան պարտքն է», պնդեց Սրբազան Հայրը։
Աստուած չլսէր անոր աղօթքը, զոր սրտի մէջ զայրոյթ կը պահէ
«Երկինքը կ’օրհնէ մեզ, եթէ ունակ ըլլանք ցամաքին վրայ եւ ծովուն մէջ խնամել ամենախոցելիները: Մենք՝ տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներս, կոչուած ենք օրինակ` ծառայելու [...] փոխադարձ եւ եղբայրական ընդունելութեան մէջ։ Կրօնական խումբերու միջև յարաբերութիւնները յաճախ հեշտ չեն, ծայրայեղականութեան որդը եւ արմատականացումներու գաղափարական ժանտախտը կը քայքայէ համայնքներու իրական կեանքը», նշեց ապա Սրբազան Պապը եւ յղում կատարելով Սուրբ Կեսարիոս Առլեցիին շեշտեց` թէ. «Ոչ մէկը իր սրտի մէջ ատելութիւն չպէտք է պահի իր մերձաւորի հանդէպ, այլ սէր` որովհետև ... Աստուած չլսէր անոր աղօթքը քանի դեռ սրտի մէջ զայրոյթ կը պահէ» (Զրոյցներ, XIV, 2):
Մարսիլիան յոյսի խճանկար՝ Ֆրանսայի, Եւրոպայի եւ աշխարհի համար
«Այսօր Մարսիլիան եւս, որ կը բնութագրուի կրօնական երփներանգ բազմատարրութեամբ, կը գտնուի ճամփաբաժանի մը առջեւ՝ հանդիպում կամ ընդհարում: Եւ ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզ բոլորիդ, որ կը գտնուիք հանդիպման ճամբուն վրայ. շնորհակալութիւն մարդկային խթանման և ընդելուզման գործին մէջ ձեր զօրակցութեան և առարկայական յանձնառութեան համար: [...] Շարժեցէք յառաջ՝ առանց յուսահատուելու, որպէսզի այս քաղաքը յոյսի խճանկար ըլլայ Ֆրանսայի, Եւրոպայի եւ աշխարհի համար», յարեց ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ աւարտեց.
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, եկէք միասին դիմակայենք խնդիրներուն, չխորտակենք յոյսը, միասին կազմենք խաղաղութեան խճանկարը»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ