Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնները Մարսիլիային
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մարսիլիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս «Vélodrome» մարզադաշտին մէջ մատուցած Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալական խօսք ուղղեց իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար ու նաեւ նախապատրաստական աշխատանքներուն համար։
Քահանայապետը յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահին, ու անոր միջոցաւ համայն ֆրանսացի ժողովուրդին։ Ողջունեց վարչապետը ու քաղաքական իշխանութիւնները։ Ապա ողջագուրեց համայն Մարսիլիոյ Եկեղեցին, որ ըսաւ Ան «եղաւ աշխարհի մէջ առաջինը որ նուիրուեցաւ Յիսուսի Սուրբ Սրտին` 1720ին, ժանտախտի մը համաճարակի ընթացքին», ուստի շարունակեց Քահանայապետը «ձեր լարերուն մէջ է ըլլալ Աստուծոյ քնքշութեան նշանները, նոյնիսկ ներկայի «անտարբերութեան համաճարակի» ընթացքին. շնորհակալութիւն, շնորհակալութիւն ձեր նուրբ և վճռական ծառայութեան համար, որ կը վկայէ Տիրոջ մօտիկութիւնն ու կարեկցանքը»:
Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց ապա Ֆրանսայի տարբեր շրջաններէն ժամանած հաւատացեալներուն ու ողջունեց Մարսիլիոյ սահմանակից Նիս քաղաքէն ժամանած Եպիսկոպոսն ու քաղաքապետը ու անոնց ընկերացող 14 Յուլիս 2016ին ահաբեկչական արարքին թիրախ վերապրածները, աղօթք ապահովելով անոնց` որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին այդ ողբերգութեան ընթացքին ու Ֆրանսայի ու աշխարհի մէջ պատահած այլ ահաբեկչութիւններու ընթացքին։
«Ահաբեկչութիւնը անարի է» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով երբեք չմոռնալ աղօթելու խաղաղութեան համար, պատերազմի թիրախ շրջաններուն համար ու մանաւանդ ուքրանիոյ ժողովուրդին համար։
Քահանայապետը ողջունեց հուսկ հիւանդները, մանուկները, տարեցները որ «քաղաքակրթութեան յիշողութիւնն են» ըսաւ Ան ու յատուկէն յիշեց դժուարութեան մէջ ապրող անձերը ու քաղաքի բոլոր աշխատաւորները յանձնարարելով` որ «աշխատաւորներու արժանապատուութիւնը յարգուի, խթանուի ու պաշտպանուի»։
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր սրտիս մէջ պիտի տանիմ այս օրերուն հանդիպումները։ «Notre Dame de la Garde» Տիրամայրը թող հսկէ` յոյսի խճանկար, այս քաղաքին վրայ, բոլոր ընտանիքներուն ու ձեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ֆրանսերէն լեզուով ըսելով «ձեզ կ՛օրհնեմ ու կը խնդրեմ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար։ Այս գործը դիւրին չէ» յարեց Ան եզրափակելով շնորհակալութեան իր խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ