Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Տիրամօր` Մոնկոլիայի ճամբորդութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մոնկոլիայէն վերադարձին, երկուշաբթի 4 սեպտեմբերի կէսօրէն ետքը, հազիւ Հռոմ ժամանած Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը եւ այնտեղ պահպանուած Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր, Մոնկոլիա կատարած ուխտագնացութեան յաջողութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը այս սրբավայրը այցելած էր նաեւ Մոնկոլիա չմեկնած` անցեալ 31 օգոստոսին։
Ֆրանչիսկոս Պապը, որ Մոնկոլիայէն ժամանած էր այսօր կէսօրէն ետքը ժամը 4,01 անց, Մարիա Մաճճորէ տաճար կատարած այցելութենէն ետքը վերադարձաւ Վատիկան, վերջ տալով իր Քահանայապետութեան 43րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ