Ֆրանչիսկոս Պապը զգուշացուց Եկեղեցւոյ և աշխարհին մէջ գաղափարախօսութիւններու վտանգէն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ինչպէս իւրաքանչիւր առաքելական ճամբորդութեան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս անգամ եւս հանդիպեցաւ ու զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ, Մոնկոլիայի մայրաքաղաք Ուլաանպաթորէն դէպի Հռոմ առաջնորդող թռիչքի ընթացքին։
Մոնկոլիայի ճամբորդութիւնը
Հարցումներէն առաջինը կը վերաբերէր Մոնկոլիայի ճամբորդութեան ու անոր արդիւնքներուն, որուն մասին արտայայտուելով Նորին Սրբութիւնը նշեց` թէ իրեն համար այս ճամբորդութեան նպատակն էր ճանչնալ Մոնկոլ ժողովուրդն ու անոր հետ երկխօսութեան մէջ մտնել, ընկալել անոր մշակոյթը ապա տեղական Եկեղեցիին ընկերանալ իր ուղեւորութեան մէջ եւ «ես գոհ եմ արդիւնքէն» ըսաւ Ան, բացատրելէ ետք` թէ իր փափաքն է այցելեց կաթողիկէ փոքր համայնքները, նաեւ երկխօսութեան մէջ մտնելու համար այդ համայնքները հիւրընկալող ժողովուրդներու պատմութեան ու մշակոյթին հետ, «աւետարանելու եւ ոչ թէ դաւանափոխութիւն առաջարկելու» ընդգծեց Քահանայապետը, հաստատելով` որ «դաւանափոխութիւնը միշտ կը սահմանափակէ»։
Այն հարցումին թէ Ուլաանպաթորը կարո՞ղ է հարթակ հանդիսանալ Եւրոպայի եւ Ասիայի միջեւ միջազգային երկխօսութեան մը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատասխանեց դրական կերպով նկատել տալով` որ Մոնկոլիան իր պատմութեամբ կը փաստէ թէ ինք ունի երկխօսութեան կոչումը։
Չինաստանը
Երրորդ հարցումը կը հայէր Քահանայապետին Չինաստանի ժողովուրդին ուղղած ողջոյնի խօսքին ու Կարդինալ Ծուփիին խաղաղութեան առաքելութեան որուն մասին անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապը գնահատեց Կարդինալ Ծուփիին գործունէութիւնը նշելով նաեւ, որ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները յարգալից են ու թէ ինք անձնապէս կը հիանայ չինացի ժողովուրդին վրայ։
«Հարկաւոր է յառաջ ընթանալ զիրար աւելի լաւ հասկնալու համար եւ որպէսզի չինացի քաղաքացիները չի կարծեն` որ Եկեղեցին կը մերժէ իրենց մշակոյթը եւ չընդունիր իրենց արժէքները կամ թէ Եկեղեցին կախեալ է մէկ այլ օտար իշխանութենէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով որ` այդ բարեկամական ընթացքը լաւապէս յառաջ կը տանի Կարդինալ Փարոլինի նախագահած յանձնախումբը։
Վիեթնամ
Ան ապա Վիեթնամ կատարելիք հաւանական ճամբորդութեան մը մասին հարցումին պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետը նշեց` թէ Սուրբ Աթոռ-Վիեթնամ յարաբերութիւնները շատ լաւ են բայց, «առ այժմ ինք չի գիտեր եթէ կարելի պիտի ըլլայ ճամբորդութիւն մը», հաւանական է, որ այնտեղ երթայ Յովհաննէս ԻԴ-ը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով նաեւ իր շրջելու համար ունեցած դժուարութիւններուն, որոնք խոչընդոտ մըն են ճամբորդութիւններ կատարելու համար, ապա նշեց` թէ «առ այժմ ծրագրուած է Մարսիլիայի ճամբորդութիւնը եւ այլ Եւրոպական փոքր երկրի մը այցելութիւնը»։
Ռուս երիտասարդներուն հետ զրոյցին հայող բանավէճերու յստակացումը
Հարցումներու շարքին անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ շաբաթներուն հանդիպումի մը ընթացքին անոնց ուղղած հրաւէրին` յարգելու եւ ի միտ ունենալու իրենց նախնիքներուն ժառանգութիւնը` որ բանավէճերու նիւթ դարձաւ։
Քահանայապետը բացատրեց` թէ ինք միշտ ալ հրաւիրած է երիտասարդները պահպանելու իրենց ժառանգութիւնը, իրենց արմատները ու թէ այս տեսլականին վրայ հիմնուելով նաեւ կը շեշտէ մեծ հայրերուն ու թոռնիկներուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը։
«Այդ պարագային բացատրելու համար իմ միտքս անոնց ըսի` որ պէտք է ի միտ ունենան Մեծն Ռուսաստանը` որովհետեւ ռուսիոյ մշակութային ժառանգութիւնը շատ գեղեցիկ է` եթէ մտածենք գրականութեան կամ երաժշտութեան ոլորտին մինչեւ Տոսթոյեւսքին, որ այսօր մեզի կը խօսի հասուն մարդաբանութեան մը մասին» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը, որ ապա «Պետրոս Ա-ի եւ Քաթերինա Բ»ի մասին ակնարկումներուն համար, նշեց` թէ անոնք իր միտքը եկան դպրոցական տարիներու ընթացքին սորված դասերէն, «գուցէ շիտակ չէր այդ մէկը, պատմականներուն կը թողում, բայց ես այս բաները սորված էի դպրոցական տարիներուն, ու գաղափարը այն էր` որ իրենք հոգ տանին իրենց ժառանգութեան» պարզաբանեց Նորին Սրբութիւնը, զգուշացնելով ապա մշակոյթը շահագործելէ ի սպաս գաղափարախօսութիւններու։
Գաղափարախօսութիւններու վտանգը
Պէտք է զանազանութիւն դնել ժողովուրդի մը մշակոյթին ու գաղափարախօսութիւններով թորուած մշակոյթի միջեւ եւ այս մէկը կը հայի բոլորին` նաեւ Եկեղեցւոյ` ուր «շատ անգամ գաղափարախօսութիւնները Եկեղեցին կը հեռացնեն արմատներէ եկած կեանքէն։ Գաղափարախօսութիւնը չի կրնար մարմնանալ, ան պարզ գաղափար մըն է...ան յաճախ կը դառնայ քաղաքականութիւն, եւ ընդհանրապէս մենատիրութիւն, երկխօսութիւնը մշակելու անկարողութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով Եկեղեցւոյ մէջ զանազանելու վարդապետութիւնը գաղափարախօսութիւններէն։
«Իսկական վարդապետութիւնը արմատացած է Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին մէջ մինչ գաղափարախօսութիւնը անջատուած է իրականութենէն» յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Բնապահպանութիւնը եւ երիտասարդները
Վերոնշեալ հարցումին յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ չորս հոկտեմբերիկն հրատարակելիք բնապահպանութեան նիւթին նուիրուած նոր նամակը, որ կը խօսի «Փարիզի բնապահպանութեան վեհաժողովէն մինչեւ օրս տեղի ունեցած իրողութիւններու մասին» բացատրեց Քահանայապետը այս ուղղութեամբ ակնարկելով նաեւ երիտասարդներու մեծ մտահոգութեան ու անոնց շատ անգամ ծայրայեղական վարմունքին, ընդգծելով այս հարցին լուծումներ որոնելու հրատապութիւնը։
Հոկտեմբեր ամսոյն մէջ կայանալիք սիւնհոդոսը
Այս հարցումին յաջորդող երեք հարցումները կեդրոնացան յառաջիկայ Հոկտեմբերին կայանալիք սիւնհոդոսին վրայ` որուն մասին արտայայտուելով Ֆրանչիսկոս Պապը նախ նշեց, որ սիւնհոդոսին մէջ տեղ չկայ գաղափարախօսութիւններուն։ Սիւնհոդոսը մկրտեալներու միջեւ, եկեղեցւոյ անդամներու միջեւ երկխօսութիւն է, Եկեղեցւոյ կեանքին մասին, աշխարհի հետ երկրակշռութեան մասին ու այսօր մարդկութիւնը յուզող հարցերու մասին», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, նշելով նաեւ` թէ սիւնհոդոսականութիւնը իրեն գաղափարը չէ` այլ Սուրբ Պօղոս Զ Պապինը, որ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի աւարտին անդրադարձաւ թէ Լատին տիեզերական Եկեղեցին կորսնցուց իր սիւնհոդոսականութեան չափանիշը, մինչ արեւելեան եկեղեցիները տակաւին կը պահպանեն զայն եւ ասոր համար ստեղծեց Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը` որ մեծ աշխատանք տարաւ այդ ուղղութեամբ ու այժմ յիսուն տարիներ ետքը, հասունցած է ժամանակը սիւնհոդոսականութեան հայող սիւնհոդոս մը գումարելու, յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց, որ «սիւնհոդոսակնութինը պէտք է ապրիլ քրիստոնէական ձեւով»։
Սիւնհոդոսի գործընթացի մասին տեղեկութիւններու եւ լուրերու հրատարակումը
«Անիկայ հեռուստակայանի մը յայտագիրը չէ, ուր կը խօսուի ամէն բանի մասին։ Անիկայ հոգեւոր պահ մըն է եւ սիւնհոդոսի ընթացքին իւրաքանչիւրին պիտի տրուի 3, 4 վայրկեան միջամտութիւններ կատարելու համար, ապա ամէն երեք միջամտութիւններէն ետքը պիտի պահպանուին երեք կամ չորս վայրկեան լռութիւն` աղօթքին համար։ Առանց այս աղօթքի մթնոլորտին չկայ սիւնհոդոսականութիւն, անիկա կը դառնայ քաղաքականութիւն։ Սիւնհոդոսը Խորհրդարան մը չէ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ սիւնհոդոսի աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւնները բաց են ու թէ այդ ուղղութեամբ` ամէն օր տեղեկութիւններ եւ լուրեր պիտի հրատարակուին Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինիի ղեկավարած յանձնախումբին կողմէ, նկատել տալով նաեւ, որ այս յանձնախումբի պարտականութիւնը դժուար է, որովհետեւ չի կայանար «շատախօսութիւններու» մասին տեղեկացնել այլ «եկեղեցական ոգին տարածելու մէջ», որովհետեւ Սիւնհոդոսի գլխաւոր դերակատարը Սուրբ Հոգին է։
Արուարձանները
Քահանայապետին ուղղուած վերջին հարցումը «արուարձաններու» մասին էր որուն առընչութեամբ Ան ընդգծեց դէպի արուարձաններ երթալու ու անոնց մէջ աշխատելու կարեւորութիւնը, հրաւիրելով պետութիւնները բաց գտնուելու այդ արուարձաններու առջեւ, ու յատկապէս ողբերգական արուարձաններու պարագային` ինչպէս Ռոհինժաներու պարագան։
«Արուարձանը այն վայրն է` ուր մարդկային իրականութիւնը աւելի յստակ է եւ քիչ խեղաթիւրուած» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մէջբերելով փիլիսոփայի մը խօսքը` թէ «Իրականութիւնը աւելի լաւ կը հասկցուի արուարձաններէն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ