Որոնել

Աշխատանքէն ներս անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն է Աշխատանքէն ներս անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն է   (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Անվտանգութիւնը գործատէրին առաջին պարտականութիւնն է ու բարիքի ձեւը»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հաշմանդամ եւ խեղուած աշխատաւորներու ընկերակցութեան անդամները, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 80-րդ տարեդարձին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 11 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հաշմանդամ եւ խեղուած աշխատաւորներու ընկերակցութեան անդամները, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 80-րդ տարեդարձին առիթով։

Այս առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով որ վերոյիշեալ ընկերակցութիւնը հիմնուած է 1943 թուականին, համաշխարհային Բ պատերազմին օրերուն, նշեց թէ «Իւրաքանչիւր պատերազմ իր հետ կը բերէ հաշմանդամներուն ամբոխներ ու պատերազմին աւարտին կը մնան աւերակներ, նաեւ մարմիններու եւ սիրտերուն մէջ աւերակներ ու խաղաղութիւնը կը կառուցուի օրէ օր, տարիէ տարի՝ կեանքի, արժանապատուութեան պաշտպանութեան եւ խթանման միջոցաւ, սկսեալ տկարներէն եւ մեկուսացեալներէն»։

Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւնը յայտնեց ընկերակցութեան անդամներուն հաշմանդամներուն մատուցած ծառայութիւններուն համար, աշխատանքի վայրերուն մէջ անվտանգութեան խնդիրներուն բարձր ուշադրութեան համար, ինչպէս նաեւ նախաձեռնած ծրագիրներուն, որոնք կը վերաբերին աշխատանքի մէջ դժբախտ արկածներուն վերաբերեալ քաղաքացիական օրէնսդրութեան զարգացման, եւ հաշմանդամութեան պայմաններու մէջ յայտնուած անձերու մասնագիտական վերաներմուծման ։

Բարի Սամարացիին առակը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշելով Բարի Սամարացիին առակը (Ղուկ 10,30-37) նշեց, թէ երբեմն միեւնոյնը կը պատահի նաեւ աշխատանքի աշխարհի մէջ ու յառաջ կ՝երթանք կարծելով, թէ բան մը չէ պատահած ենթարկուելով շուկային կռապաշտութեան։

«Չենք կրնար վարժուիլ աշխատանքի արկածներուն, ոչ ալ ենթարկուիլ դժբախտ արկածներու հանդէպ անտարբերութեան։ Չենք կրնար ընդունիլ մարդկային կեանքի վատնումը։ Պէտք չէ յոգնինք սորվելէ խնամք տանելու արուեստը, յանուն մարդկային ընկերութեան։ Անվտանգութիւնը, ոչ միայն երաշխաւորուած է բարի օրէնսդրութենէն մը, այլեւ աշխատանքի վայրերէն ներս իբրեւ եղբայրներ եւ քոյրեր ապրելու կարողութենէն», ըսաւ Սրբազան Հայրը

Մարմինը Սուրբ Հոգիին տաճարն է

Մէջբերելով ապա Սուրբ Պօղոս առաքեալին կորնթացիներուն ուղղած թուղթէն հատուած մը, (1 Կորնթ 6,19-20). «Աստուած փառաբանեցէք ձեր մարմնին մէջ», Նորին Սրբութիւնը ըսաւ «Եթէ մարմինը Սուրբ Հոգիին տաճարն է կը նշանակէ թէ խնամելով անոր վէրքերը Աստուած կը փառաբանենք։ Հետեւաբար մարդկութիւնը պաշտամունքի վայր է եւ խնամքը այն կեցուածքն է, որուն միջոցաւ կը համագործակցինք Արարչին միեւնոյն գործունէութեան ու աշխատանքին մէջ անվտանգութիւնը անձին խնամքին համապարփակ մասն է ։ Գործատէրին համար անիկա առաջին պարտականութիւնն ու բարիքի ձեւը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը նշելով, որ գործաւորներուն հանդէպ պատասխանատուութիւնը առաջնահերթութիւնն է ու կարելի չէ կեանքը վաճառել ոչ մէկ պատճառով, յատկապէս եթէ աղքատ ու դիւրաբեկ է ։ «Մարդկային անձերը ենք, եզակի անձեր եւ ոչ թէ պահեստամասեր», ըսաւ Ան։

Նորին Սրբութիւնը վերանորոգելով իր երախտագիտութիւնը ընկերակցութեան կատարած աշխատանքներու համար քաջալերեց յառաջ ընթանալ՝ օգնելու համար ընկերութիւնը զարգանալու մշակութային տեսանկիւնէն ու հասկնալու որ մարդկային էակը տնտեսական շահերէն առաջ կու գայ եւ իւրաքանչիւր անձ պարգեւ մըն է ընկերութեան ու անհատ մը հաշմանդամ դարձնելը վնաս է ողջ հասարակութեան։

Պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով բոլորին վրայ Աստուածային օրհնութիւններն ու Տիրամօր հովանին խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2023, 11:03