Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Վիեթնամի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Վիեթնամի նախագահը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապը Վիեթնամի կաթողիկէներուն. «Խթանեցէք երկխօսութիւնը եւ յոյս սփռեցէք»

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը Վիեթնամի մէջ քահանայապետական ներկայացուցիչին կանոնադրութեան մասին, Սուրբ Աթոռին եւ Վիեթնամի հանրապետութեան միջեւ համաձայնագիրին ընդունման կապակցութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն յառաջընթացը ու հրաւիրեց հաւատացեալները ապրելու որպէս բարի քրիստոնեաներ եւ քաղաքացիներ։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի «Բարի յարաբերութիւններուն ակօսը» ողջունած է որպէս դէպի յառաջ նոր քայլի սերմ մը, որ միաժամանակ խորհրդանիշն է՝ ըլլայ վերջին տարիներուն երկու պետութիւններուն միջեւ արձանագրուած դրական քայլերուն, ըլլայ Քրիստոնեայ Վիեթնամիթներուն համար խթան, որոնք կանչուած իրենց հասարակութեան մէջ դառնալու Աւետարանի յաւելեալ ճրագ։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընկալելով, Վիեթնամի մէջ քահանայապետական ներկայացուցիչին կանոնադրութեան վերաբերեալ Վիեթնամի պետութեան եւ Սուրբ աթոռի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը որպէս առիթ, Վիեթնամի կաթողիկէ հաւատացեալներուն ուղղած նամակին բարձր գնահատած է Վիեթնամի ժողովուրդը նշելով է թէ Վիեթնամի մէջ բոլորը կը ճանչնան եւ կը գնահատեն աշխատանքի մէջ քաջութիւնը, դժուարութեան մէջ յամառութիւնը, ընտանիքի իմաստը, եւ բնական այլ առաքինութիւնները, որոնց մասին կը վկայեն։

Երկրին մէջ յոյս սփռել

Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով անցեալ 27 յուլիսին, Վատիկանի մէջ Վիեթնամի նախագահ, տիար Vo Van Thuong հետ հանդիպումը բարձր կը գնահատած է այն փաստը , որ երկու կողմերու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը տեղի ունեցած են եւ կարող են այդպէս շարունակել ապագային «ճանչնալով զուգամերձութիւնները ու յարգելով տարբերութիւնները։ Այս պատասխանատուութիւնը կը կրեն նաեւ Վիեթնամի կաթողիկէները», որոնք ընդգծած է Սրբազան Հայրը կ՝իրականացնեն «Իրենց բարի քրիստոնեաներուն եւ բարի քաղաքացիներու յատուկ ինքնութիւնը՝ ըլլալ աշխուժացնելով եկեղեցին, ըլլայ տարածելով Աւետարանը իրենց առօրեայ կեանքին մէջ»։ Վկայութիւնը մը, որ շնորհիւ «կրօնային ազատութեան գործադրութեան նպաստաւոր պայմաններուն», կրնայ օգնել կաթողիկէ հաւատացեալները « Խթանելու երկխօսութիւն եւ յոյս ներշնչել երկրին մէջ։»

Ունկնդրութիւն եւ եղբայրսիրութեան շօշափելիութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակի մէջ յիշելով Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի ու Յովհաննէս ԻԳ- կարգ մը խօսքերը, ընդգծեց թէ կարիքը կայ եղբայրասիրութեան շօշափելիութեան» երեւոյթ մը, որուն մասին Վիեթնամի եկեղեցին վերջերս վկայեց Քովիտի համաճարակի ժամանակամիջոցին, գրեց Սրբազան հայրը, նկատել տալով որ Վիեթնամի կաթողիկէները միշտ ցոյց տուին, որ «հասարակութեան թթխմոր են, ընկերանալով հասարակութիւնը դէպի զարգացում ու նպաստելով հաւատացեալներուն պատասխանատուութիւններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտած է մաղթելով, որ «Կեանքին մէջ ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ իւրաքանանչիւր անձի հետ յարաբերութիւնները իրականան «Առանց կրօնային, մշակութային եւ ցեղային խտրութեան»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2023, 12:40