Ֆրանչիսկոս Պապ .«Բարի Մայրը հայեացքներու խաչմերուկի գլխաւոր դերակատարն է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 21 սեպտեմբերին, Մարսիլիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրը, յետմիջօրէին ժամը 5, 15ին, Մարսիլիոյ Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ թեմի կղերական դասի անդամներուն հետ։
Հանդիպումին աւարտին Սրբազան Հայրն ու կղերական դասի անդամները աղօթք բարձրացուցին Տիրամօր։
Քահանայապետին պատգամը
Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց կղերական դասի անդամները՝ եպիսկոպոսները, քահանաները, սարկաւագները, նորընծաներն ու կրօնաւորուհիները, ապա յիշելով Սոփոնիայ մարգարէի ուրախութեան եւ վստահութեան յորդորը, որովհետեւ մեր Տէրը մօտիկ է եւ հեռու չէ մեզ փրկելու համար, նշեց թէ «սա պատգամն է, որ մեզի որոշակի կերպով կը յիշեցնէ Մայր տաճարին պատմութիւնն ու այն ինչ որ կը ներկայացնէ» ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով որ այս տաճարը հիմնուած չէ ի յիշատակ հրաշքի մը կայ յատուկ յայտնութեան մը, այլ պարզապէս, ԺԳ դարէն ի վեր Աստուծոյ սուրբ Ժողովուրդը փնտռած եւ հոս La garde բերդին վրայ գտած Տիրոջ ներկայութիւնը Յիսուսի մօր աչքերուն միջոցաւ։ Հետեւաբար դարեր ի վեր Մարսիլիոյ բնակչութիւնը յատուկէն ծովայինները բլուր կը բարձրանան աղօթելու համար»։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ այսօր եւս «Բարի Մայրը» հայեացքներու խաչմերուկի գլխաւոր դերակատարն է, մէկ կողմէ Յիսուսի հայեացքն է, միւս կողմէն այդ բազմաթիւ այր մարդոց եւ կիներուն հայեացքը զոր Տիրամայր կը միացնէ եւ Աստուծոյ մօտ կը տանի։
Մարդը շոյող Յիսուսի հայեացքը
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ Յիսուսի հայեացքը վերէն դէպի վար հայեցաք մըն է ոչ թէ դատապարտելու համար, այլ բարձրացնելու համար գետինին վրայ գտնուողները։ Քնքշութեան հայեացք է, որ կը փայլի Տիրամօր աչքերու մէջ եւ մենք կանչուած են այդ նայուածքը տարածելու, կանչուած ենք կարեկցութիւն զգալու ...
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց սորվելու այդ նայուածքէն, բանալով եկեղեցիներու դռները, յատուկէն սիրտերու դռները, մեր խոնարհութեան, ազնուութեան միջոցաւ ցոյց տալու համար Տիրոջ դիմագիծը։
Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց կղերական դասի անդամները, երբեք թոյլ չտալու, որ նուազի Աստուծոյ հայրական եւ մայրական հայեացքը։ Յորդորեց նեցուկ գտնուիլ բոլորին, յատուկէն տկարներուն ու նուազ բախտաւորներուն ու մօտիկութիւն եւ ուշադրութիւն ցուցաբերել տառապողներուն։
Յիսուսի դիմող այր մարդոց եւ կանանց հայեացքը
Ֆրանչիսկոս Պապ կղերական դասին անդամներուն նկատել տուաւ, թէ ինչպէս Մարիամ Կանայի հարսանիքին ընթացքին մտահոգուեցաւ երկու երիտասարդ պսակեալներուն համար իրենք եւս կանչուած են ուրիշներու համար դառնալու բարեխօսող ձայնը։ Խնդրեց կղերական դասին անդամներէն, որ ժողովուրդին նայուածքները, ձայները, խնդիրները իրենց Խորանին վրայ տանին ինչպէս նաեւ իրենց սենեակներու լռութեան մէջ՝ ուր «Հայրը ամէն ինչ կը տեսնէ» ըսաւ Ան։
Մայր տաճարին մէջ գտնուող Տիրամօր երեք պատկերները
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց կղերական դասի անդամներու ուշադրութիւն հրաւիրելով Տաճարին մէջ գտնուող Տիրամօր երեք պատկերներու վրայ ։
Առաջին՝ գագաթին վրայ զետեղուած Արձանը, որ կը ներկայացնէ Տիրամայրը մինչ կը գրկէ Մանուկ Յիսուսը,
Երկրորդ գետնադամբանին վրայ գտնուող Vierge au bouquet, նկարը ուր Տիրամայր նաեւ կը գրկէ Յիսուս մանուկը իսկ երկրորդ ձեռքի մէջ կը կրէ բոյս մը ծաղիկներ ։ «Սա ցոյց կու տայ, թէ Մարիամը որպէս եկեղեցւոյ տիպար, մինչ իր Որդին մեզի կը ներկայացնէ , մեզ կը ներկայացնէ նաեւ ՝Անոր բունջ մը ծաղիկներով ուր իւրաքանչիւր անձ, գեղեցիկ, իւրայատուկ եւ թանկարժէք է Հօր աչքերուն։ Սա Բարեխօսութեան նայուածք է ։
Երրորդ պատկերը այն է որ կը տեսնենք խորանին կեդրոնը, որ տպաւորիչ է իր ճառագայթող շքեղութեամբ։
«Մենք եւս սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր դառնանք կենդանի աւետարան այնքանով որքանով այն կու տանք, մեզմէ դուրս ելլելով ու արտացոլելով անոր լոյսն ու գեղեցկութիւն խոնարհ, ուրախ կեանքով ինչպէս նաեւ առաքելական հարուստ եռանդով»
«Սիրելիներ, Աստուծոյ հայեացքը տանինք եղբայրներուն, տանինք Աստուծոյ եղբայրներուն ծարաւը, տարածենք աւետարանի ուրախութիւն։ Սա է մեր կեանքը որ անհաւատալի օրէն գեղեցիկէ հակառակ դժուարութիւններուն եւ անկումներուն» ըսաւ Սրբազան Հայրը ան ապա հրաւիրեց Տիրամօր աղօթել Խնդրեմ մի մոռնաք աղօթելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ