Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Պրազիլի մէջ ջրհեղեղի թիրախ զոհերուն համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական հեռագիր յղեց Պրազիլի Ռիօ Կրանտէ Տօ Սուլ նահանգի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղի բնական աղէտին ի լուր։
Հեռագիրին մէջ կարդինալ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին զօրակցութիւնը ու աղօթքը ապահովուեց տեղատարափ անձրեւի թիրախ հասարակութեան, որ անցեալ օրերուն Պրազիլի Ռիօ Կրանտէ Տօ Սուլ նահանգին մէջ պատճառ դարձաւ մարդկային կորուստներու եւ նիւթական կործանումներուն։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը նշեց, թէ նորին Սրբութիւնը նեցուկ է ջրհեղեղի թիրախ անձերուն ու Ամենակալէն կը խնդրէ, որ յաւիտենական հանգիստ շնորհէ զոհերուն հոգիներուն, ինչպէս նաեւ կ՝աղօթէ բնական աղէտէն իրենց բնակարաններէն զրկուած ընտանիքներուն համար մաղթելով, որ ամէնէն շուտ կերպով վերակառուցուի աղէտէն կործանուած վայրերը։
Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը աւարտեց փոխանցելով Ֆրանչիսոս Պապին առաքելական օրհնութիւնները ջրհեղեղէն թիրախ անձերուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ