Որոնել

2023.09.28 S.E. il Signor Antonio Costa, Primo Ministro del Portogallo

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպած է Փորթուկալի Վարչապետին հետ

«Զրոյցներու ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ տեսութիւններու փոխանակում միջազգային հարցերու եւ իրավիճակներու վերաբերեալ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիոյ պատերազմի հետեւանքներուն ու գաղթականութեան երեւոյթին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է` որ «Այսօր Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Փորթուկալի Հանրապետութեան Վարչապետ Տիար Անթոնիօ Լուիս Սանթոս տա Քոսթային, որ ապա հանդիպում ունեցած է Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու ու Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր։

«Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ու սիրալիր զրոյցներու ընթացքին գնահատուեցաւ ԵՀՕ ու Ֆրանչիսկոս Պապին 2էն 6 օգոստոս 2023ին Փորթուկալ կատարած ճամբորդութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Ապա ընդգծուեցաւ տեղական Եկեղեցւոյ դրական ներդրումը փորթուկալական ընկերութեան մէջ, ներկայ ընկերաքաղաքական ոլորտէն ներս ու քննարկուեցան որոշ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր», կը կարդանք միշտ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կողմէն հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ նշուած է` թէ «զրոյցներու ընթացքին տեղի ունեցաւ  տեսութիւններու փոխանակում միջազգային հարցերու եւ իրավիճակներու վերաբերեալ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիոյ պատերազմի հետեւանքներուն ու գաղթականութեան երեւոյթին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2023, 13:10