Որոնել

Այլ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ աղօթքի հսկում Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ

Լռութիւնը անհրաժեշտ է հաւատացեալի կեանքին մէջ, եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ու նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան ուղեւորութեան մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը ի սպաս. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն» խորագիրով 4 Հոկտեմբեր 2023ին Վատիկանի մէջ սկիզբ առնող Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր 16րդ հաւաքի նախօրէին շաբաթ` 30 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Together» խորագիրով համամիութենական աղօթքի հսկումը, գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու սիւնհոդոսի նիստերու մասնակցողներուն, որոնք այսօր երեկոյեան ու մինչեւ 4 հոկտեմբեր պիտի մասնակցին Հոգեւոր Կրթութեան։

Աղօթքի հսկումին մասնակցեցան նաեւ քոյր եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակներ ու բազմաթիւ երիտասարդներ։ Ներկայ էր նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա եւ Քենթըրպուրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպին։

Ս. Հոգիին յանձնել Սիւնհոդոսին աշխատանքները

Աղօթքի հսկումը առիթ եղաւ Սուրբ Հոգիի հովանիին տակ դնելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին աշխատանքները։

Սրբազան Պապը այս առիթով արտասանած քարոզը սկսաւ ճիշտ «Together» բառով։ Միասին` նման սկզբնական քրիստոնէական հասարակութեան Պենտեկոստէի օրը։ Որպէս միակ հօտ, սիրուած ու համախմբուած միակ Հովիւի կողմէ որ է Յիսուս։

«Նման Յայտնութեան այն մեծ ամբոխին մենք բոլորս այստեղ ենք, բոլոր ազգերու, ցեղերու, ժողովուրդներու ու լեզուներու» եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով տարբեր Եկեղեցիներու Պետերուն ու պատուիրակութիւններուն ու մասնաւորապէս երիտասարդներուն ու յատուկէն նաեւ Թեզէի հասարակութեան Աբբահայր Հայր Ալույիսին, որուն նախաձեռնութեամբ է, որ որոշուեցաւ սիւնհոդոսի նախապատրաստման ու սիւնհոդոսին նուիրուած աղօթքի հսկումը։

Միասին քալել

«Սիւնհոդոս, միասին քալել, ոչ միայն կաթողիկէներ այլ բոլոր քրիստոնեաները, մկրտուածներու Ժողովուրդը, Աստուծոյ համայն ժողովուրդը, որովհետև միասին է որ միասնութիւնը կարող է դառնալ բոլորի միութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով լռելեան աղօթքի ու լռութեան, զայն նկատելով կարեւոր ու հզօր, « կարող արտայայտելու անասելի ցաւ մը, բայց նաեւ ուրախութեան ու երջանկութեան պահ մը»։

Սրբազան Պապը առ այդ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց լռութեան վրայ, հաւատացեալի կեանքին մէջ, եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ու նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան ուղեւորութեան մէջ։

Լռութիւնը հաւատացեալի կեանքին մէջ

«Նախ` լռութիւնը անհրաժեշտ է հաւատացեալի կեանքին մէջ» յարեց Սրբազան Պապը աւելցնելով «Այսօր մենք քրիստոնեաներս լռութեամբ կանգ առինք Սուրբ Տամիանոսի Խաչին առջեւ, որպէս աշակերտներ ունկնդրութեան մէջ….Մերը ունայն լռութիւն մը չէ, այլ պահ մը լի սպասումներով ու տրամադրութեամբ։ Աղմուկով լի աշխարհի մը մէջ մենք այլեւս վարժ չենք լռութեան, ու շատ անգամ կը դժուարանանք հանդուրժելու զայն որովհետեւ մեզ կը դնէ մեր անձին հետ դէմ յանդիման։ Բայց եւ այնպէս Ան կեանքին ու խօսքին հիմքն է։

Լռութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ

Երկրորդ Լռութիւնը հիմնական է Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Առաքեալներու գործերը կ՛ըսեն, որ Պետրոսի ճառէն ետքը Երուսաղէմի Հաւաքի ընթացքին «բոլոր ժողովականները լռեցին» (Գործք առաքելոց 15,12), պատրաստուելով ունկնդրել Պօղոսի եւ Բառնաբասի վկայութիւնը...այս մէկը կը յիշեցնէ որ լռութիւնը, եկեղեցական հասարակութեան մէջ կարելի կը դարձնէ եղբայրական հաղորդակցութիւնը, որուն մէջ Սուրբ Հոգին ներդաշնակ կը դարձնէ տեսութիւնները։ Սիւնհոդոսական ըլլալ կը նշանակէ, ընդունիլ մէկը միւսը այն գիտակցութեամբ, որ բոլորս ալ բան մը ունինք վկայելիք ու սորվելիք, մենք մեզ դնելով «ճշմարտութեան հոգիի ունկնդրութեան տալ, հասկնալու համար այն բաները, որ Ան կ՛ուզէ ըսել Եկեղեցւոյ»։

«Հայցենք ուրեմն Սուրբ Հոգիէն ունկնդրութեան շնորհքը սիւնհոդոսի մասնակցողներուն համար», ըսաւ ապա Քահանայապետը ու ակնարկեց երրորդ լռութեան` այդ լռութիւնը որ հիմնական է նաեւ քրիստոնեաներու միութեան ուղեւորութեան մէջ։

Լռութիւնը քրիստոնեաներու միութեան ուղեւորութեան մէջ

«Անիկա հիմնական է աղօթքին համար, որպէս կը սկսի համամիութիւնը ու առանց որուն անիկայ անպտուղ է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, նշելով` որ Յիսուս եւս աղօթեց. որպէսզի իր աշակերտները մի ըլլան» ու հաստատելով` որ «աղօթք դարձած լռութիւնը մեզի թոյլ կու տայ ընկալել միութեան պարգեւը, այնպէս ինչպէս «Քրիստոսը կ՛ուզէ զայն»... Որքան աւելիով մենք միասնաբար կը դիմենք Տիրոջ աղօթքի մէջ այնքան աւելիով կը զգանք թէ Ան է, որ կը բիւրեղացնէ ու կը միացնէ մեզ անկած մեր տարբերութիւններէն» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ակնարկելով արարողութեան աւարտին բոլորին բաժնուելիք հատիկներուն ու հրաւիրելով այդ հատիկները սերմանել այն վստահութեամբ, որ միայն Աստուած է որ անոնց կու տայ աճելու պարգեւը։

Սորվինք լռութեան մէջ ունկնդրել Աստուծոյ ձայնը

«Ասոր համար միասնական աղօթքին մէջ հայցենք որ սորվինք դարձեալ լռութիւն պահել, ունկնդրելու համար Հօր Աստուծոյ ձայնը, Յիսուսին կոչումը եւ Սուրբ Հոգիին հառաչանքը» ըսաւ Քահանայապետը, Խնդրենք որ սիւնհոդոսը ըլլայ եղբայրութեան «քայրոս» մը, վայր ուր Սուրբ Հոգին Եկեղեցին կը բիւրեղացնէ շատախօսութիւններէն, գաղափարախօսութիւնէն, ու երանացուցումներէն։ Ու մինչ կ՛ուղղուինք դէպի Նիկիոյ Ժողովին կարեւոր տարեդարձը խնդրենք նաեւ գիտնալ Մոգերու նման աղօթել միացած ու լռութեան մէջ....յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հայցելով որ այնպէս ինչպէս Բեթղեհէմի աստղը առաջնորդեց Արեւելքի իմաստունները, թող որ երկնային լոյսը մեզ առաջնորդէ դէպի մեր միասնական Տէրը եւ դէպի այն միութիւնը որուն համար Ան աղօթեց...որպէսզի աշխարհը հաւատայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2023, 18:51