Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով Մարսիլիայէն աւարտեց 44րդ Առաքելական Միջազգային ճամբորդութիւնը

Հազիւ երկու օր տեւած ճամբորդութեան ընթացքին Քահանայապետը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ աղօթելու քաղաքի եպիսկոպոսներու ու կղերական դասի անդամներուն հետ, ծովուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած նաւաստիներուն եւ գաղթականներուն նուիրուած Յուշակոթողին մօտ իր սրտի խօսքը ուղղեց այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն, այցելեց Գթութեան Քոյրերու կեդրոնը, հանդիպեցաւ տարբեր անձերու հետ ու նաեւ Ֆրանսայի հանրապետութեան Նախագահին հետ, ու իր մասնակցութիւնը բերաւ «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակիչ նիստին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 23 սեպտեմբերի երեկոյեան աւարտեց հազիւ երկու օր տեւած Մարսիլիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, որուն նպատակն էր մասնակցիլ միջերկրականի ափերուն վրայ գտնուող քաղաքներու եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւնները համախմբող «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակիչ նիստին։

Արդարեւ Ան «Velodrome» մարզադաշտի տարածքին մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը կազմեց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած «Երանի անոր` որ կը հաւատայ» խօսքը (Ղուկ. 1, 39 – 45) Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Մարսիլիոյ Միջազգային օդակայան ուր ժամանած էր երէկ յետմիջօրէի ժամը չորսի ժամանակները։

Օդակայանին մէջ Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի ու անոր կողակիցին կողմէ եւ օդակայանի «Hèlene Boucher» դահլիճին մէջ հակիրճ առանձնազրոյց ունեցաւ Նախագահին հետ ապա Քահանայապետն ու Նախագահը միասնաբար դուրս եկան եւ ուղղուեցան դէպի օդանաւ «պատուոյ պահակախումբի» ներկայութեամբ։

Օդանաւին մօտ Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով նախագահէն բարձրացաւ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար դէպի Հռոմ, ուր ժամանումը նախատեսուած է գրեթէ մէկ ու կէս ժամ տեւող թռիչքէ մը ետքը` վերջ տալով Քահանայապետութեան Միջազգային Առաքելական 44րդ Ճամբորդութեան որ զինք առաջնորդած էր` «յոյսի խճանկար» ֆրանսական Մարսիլիա քաղաք ուր Ան, առիթը ունեցաւ նաեւ հանդիպելու եւ աղօթելու քաղաքի եպիսկոպոսներու ու կղերական դասի անդամներուն հետ, ծովուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած նաւաստիներուն եւ գաղթականներուն նուիրուած Յուշակոթողին մօտ խորհրդածելու եւ իր սրտի խօսքը ուղղելու այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն այցելելու Գթութեան Քոյրերու մէկ կեդրոնը, հանդիպելու դժուարութեան մէջ ապրող տարբեր անձերու հետ ու բարեսիրական հաստատութիւններու անձնակազմի անդամներուն հետ ինչպէս նաեւ առանձնազրոյց ունենալու Ֆրանսայի հանրապետութեան Նախագահին հետ, եւ ինչպէս արդեն նշեցինք իր մասնակցութիւնը բերելու «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակիչ նիստին։

Վերադարձի թռիչքի ընթացքին Սրբազան Պապը սովորութեան համաձայն հանդիպում կ՛ունենայ եւ կը զրուցէ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2023, 19:29