Որոնել

2023.10.21 S.E. il Signor Garen Nazarian, Ambasciatore di Armenia, in visita di congedo

Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական հանդիպումները` Կարեն Նազարեանի հրաժեշտի այցը

Յայտնենք որ անցեալ 14 Հոկտեմբերին Տիար Կարեն Նազարեանը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալով։ Հոգեւոր Տէրը այդ առիթով բարձր գնահատեց դեսպանին տարիներու աշխատանքը, երկու պետութիւններու միջեւ, ի սպաս հայ ժողովուրդի եւ հայկական պետականութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 21 Հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունեցաւ պաշտօնական շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին էր նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարեն Նազարեանի հետ հանդիպումը։

Նախ քան դեսպան Նազարեանի հետ հանդիպիլը Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Ռոպէրթ Ֆրանսիս Փրեվոսթը, ապա հաւատարմագրերու ներկայացումին առիթով` Ալպանիյաի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Տիկին Մաժիլինտա Ֆրանկայը, իսկ Տիար Կարեն Նազարեանին հետ ունեցած հանդիպումէն ետքը Սրբազան Պապը ընդունեց Պոզնիա Էրծեկովինայի Միասնական Նախագահութեան անդամ Տիար Տենիս Պեչիրովիչն ուն անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը եւ իր պաշտօնական հանդիպումը աւարտեց Պաղտատի Քաղդէացիներու Պատրիարք Գերերջանիկ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքոյին հետ ունեցած առանձնական հանդիպումով։

Կարեն Նազարեանի հրաժեշտի հանդիպումը
Կարեն Նազարեանի հրաժեշտի հանդիպումը

Տիար Կարեն Նազարեանի Քահանայապետին հետ հանդիպումը հրաժեշտի հանդիպում էր, տրուած ըլլալով որ այս օրերուն կը լրանայ անոր պաշտօնավարութեան ժամկէտը։

Կարեն Նազարեան Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր  դեսպան նշանակուած էր 2018ի դեկտեմբերին նստավայր ունենալով Վատիկանի մէջ: Ան ծնած է 1966թ. Երևանի մէջ։ Աւարտած է Երևանի Պետական Համալսարանը և Մոսկուայի դիւանագիտական ակադեմիան: Մասնագիտութեամբ արևելագէտ է, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ:

Դիւանագիտական գործունէութեան ծիրէն ներս՝ Կարեն Նազարեան ստանձնած է տարբեր պաշտօններ ու ծառայած զանազան կառոյցներու մէջ` ի շարս որոնք ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ, Ռուսիոյ Դաշնութեան ՀՀ դեսպանութեան մէջ, եղած է ՀՀ ԱԳՆ քարտուղարութեան պետ ապա ՄԱԿ-ի Ժընևի գրասենեակի և միջազգային այլ կառոյցներու ՀՀ դեսպան ու մշտական ներկայացուցիչ ։

Ան եղած է նաեւ ՀՀ ԱԳ նախարարի խորհրդական, Հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովի անդամ , Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպան, ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ դեսպան ու մշտական ներկայացուցիչ, հուսկ 2014-ին դարձած է նաեւ Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ:

2015-2017թթ. ՀՀ և ԵՄ միջև Համապարփակ և ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու հայկական կողմէն հանդէս եկած է որպէս գլխաւոր բանակցող: Ապա 2018թ Յունիսի 8-ին ՀՀ վարչապետի որոշմամբ վերանշանակուած է ԱԳ նախարարի տեղակալ ու նոյն տարուայ դեկտեմբերին ստանձնած է Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանի պաշտօնը ու միեւնոյն ժամանակ եղած է Մալթայի Ասպետական Ուխտի եւ Փորթուկալի մօտ արտակարգ ու լիազօր դեսպան։

հինգ տարի տեւող պաշտօնավարութեան ընթացքին Տիար Նազարեան ջանացած է աւելիով զարգացնել ու ամրապնդել Սուրբ Աթոռ – Հայաստան միջպետական յարաբերութիւնները, թէեւ այս շրջանը յատկանշուեցաւ համաճարակի ծանր իրավիճակով, Արցախեան 44 օրեայ պատերազմով ու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեամբ։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մետալով պարգեւատրում
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մետալով պարգեւատրում

Յայտնենք որ անցեալ 14 Հոկտեմբերին Տիար Կարեն Նազարեանը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալով։ Հոգեւոր Տէրը այդ առիթով բարձր գնահատեց դեսպանին տարիներու աշխատանքը, երկու պետութիւններու միջեւ, ի սպաս հայ ժողովուրդի եւ հայկական պետականութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2023, 11:44