Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապի «Աստուած Գովաբանեցէք» առաքելական յորդորագիրը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Աստուած Գովաբանեցէք» անուանումն է այս նամակին, որովհետեւ մարդ էակ մը, որ յաւակնութիւնն ունի Աստուած փոխարինելու, կը դառնայ իր անձի ամենավատ թշնամին»: Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛աւարտէ 4 Հոկտեմբեր 2023ին հրապարակուած իր առաքելական յորդորագիրը, որ շարունակութիւնն է եւ ամբողջացումը 2015ի «Laudato si' - Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական նամակին եւ կազմուած է 6 գլուխներէ եւ 73 ենթագլուխներէ, ուր Սրբազան Հայրը՝ Տուպայի մէջ կլիմայական փոփոխութեան նուիրուած COP28ի առաջիկայ խորհրդաժողովին ընդառաջ, համապատասխանատուութեան կոչ կ՛ուղղէ ի դէմս կլիմայական փոփոխութեան հրատապութեան:
Կլիմայի փոփոխութեան նշանները երթալով աւելի ակնյայտ կը դառնան
Առաջին գլուխին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը բացատրէ թէ «կլիմայի փոփոխութեան նշանները աւելի ու աւելի ակնյայտ են», որքան ալ, որ փորձ բանեցուի այդ մէկը հերքելու: Աւելին՝ «մարդու ազդեցութեամբ կլիմայական որոշ փոփոխութիւններ, զգալիօրէն կ’աւելցնեն առաւել յաճախակի եւ ծայրայեղութեան աստիճան զօրեղ իրադարձութիւններու հաւանականութիւնը», որոնք են անկանոն շոգը, երաշտը եւ այլն:
Աղքատները՝ հիմնական տուժողներ
Ֆրանչիսկոս Պապը համոզուած է՝ «կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները կը կրեն ամենէ խոցելի մարդիկը» (թիւ 3), քանի որ «աշխարհի բնակչութեան նուազ եւ առաւել հարուստ տոկոսը պատասխանատու է ապականութեան տարածումի 50 առ հարիւրին» (թիւ 9):
Բացի այդ, Սրբազան Պապը կ'ընդվզի անոնց դէմ, որոնք կը պնդեն թէ հանածոյ վառելիքի կրճատումը կը յանգեցնէ «աշխատատեղերու կրճատմանը», երբ իրականութեան մէջ «միլիոնաւոր մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց աշխատանքը» կլիմայի փոփոխութեան պատճառով։ Մինչդեռ «լաւ կառավարուող» անցումը դէպի վերականգնուող ուժանիւթ կարող է ստեղծել անհամար աշխատատեղեր տարբեր ոլորտներէն ներս: Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է, որ քաղաքական գործիչները եւ ձեռնարկատէրերը անմիջապէս զբաղին այդ խնդիրով» (գլուխ 10), կը գրէ Ֆրանչիսկոսը:
Մարդկային ծագումը կասկած չի յարուցեր
«Կլիմայի փոփոխութեան մարդկային՝ «անթրոպիկ» ծագումի մասին այլեւս կարելի չէ կասկած ունենալ», կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը, ընդգծելով, որ այլեւս հնարաւոր չէ քօղարկել այն իրականութիւնը, որ վերջին յիսուն տարիներու ջերմոցային կազերու սրընթաց աճը կը զուգադիպի վերջին երկու հազար տարուայ ընթացքին ջերմաստիճանի «չգրանցուած, աննախադէպ արագութեամբ աճին» (թիւեր 11 եւ 12)` յառաջացնելով ծովերու թթուեցում եւ սառնահալում։ Ըստ Քահանայապետի կլիմայական ճգնաժամը, ցաւօք, չի հետաքրքրեր զարգացած տնտեսութիւն ունեցող գերտէրութիւնները, որոնք կը մտահոգուին նուազագոյն արժէքով եւ ամենակարճ ժամանակի մէջ առաւելագոյն շահոյթ ձեռքբերելով» (թիւ 13):
Նուազագոյն քիչ ժամանակ ունինք՝ խուսափելու աւելի մեծ ողբերգական վնասներէ
«Մենք այլևս չենք կրնար կասկածիլ, որ նման վտանգաւոր փոփոխութիւններու արտասովոր արագութեան պատճառը ... կապուած է բնութեան վրայ մարդու ունեցած անզուսպ միջամտութեան հետ» (թիւ 14): «Շտապ անհրաժեշտ է աւելի լայն տեսլական... Մեզմէ աւելիով ուրիշ բան չի պահանջուիր, եթէ ոչ` դրսեւորել որոշակի պատասխանատուութիւն այն ժառանգութեան համար, որ մեր ետեւէն պիտի թողունք այս աշխարհէն անցնելէն ետքը» (թիւ 18):
Առանց սահմաններու մարդ էակի գաղափարը
Յորդորագիրի մէջ Ֆրանչիսկոսը կը խօսի նաեւ «տեխնոկրատական» յարակարծութեան մասին, այսինքն այն մտածելակերպի մասին՝ թէ «իրականութիւնը, բարօրութիւնը եւ ճշմարտութիւնը ինքնաբերաբար կը ծաղկին արհեստագիտութեան եւ տնտեսութեան ուժէն» (թիւ 20)՝ հիմնուելով «առանց սահմաններու» մարդ էակի մը գաղափարին վրայ: «Մարդկութիւնը երբեք այսքան իշխանութիւն չէ ունեցած ինքն իրեն վրայ» (թիւ 23) նշած է Նորին Սրբութիւնը եւ մտահոգութիւն արտայայտած, որ այդ իշխանութեան լաւ օգտագործումը երաշխաւորուած չէ՝ տեսնելով, թէ ինչպէս անորմէ կ’օգտուին։
Իշխանութեան բարոյագիտական անկում
Հասած ենք «տպաւորիչ եւ զարմանալի արհեստագիտական առաջընթացի եւ չենք գիտակցիր, որ միեւնոյն ժամանակ դարձած ենք խիստ վտանգաւոր՝ ունակ վտանգելու բազմաթիւ էակներու կեանքը եւ մեր սեփական գոյատեւումը» (թիւ 28): «Իշխանութեան բարոյագիտական իրական անկումը քօղարկուած է շուկայաբանութեամբ եւ կեղծ տեղեկութիւններով, որոնք հասարակական կարծիքի վրայ ազդելու համար օգտակար գործիքակազմեր են մեծ միջոցներ ունեցողներու ձեռքերուն մէջ»: «Յափշտակուած այսքան կեղծ մարգարէներու խոստումներով՝ աղքատներն ալ երբեմն կ՛իյնան իրենց համար չկառուցուող աշխարհի խաբէութեան մէջ» (թիւ 31):
Թոյլ միջազգային քաղաքականութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ կ’անդրադառնայ նաեւ միջազգային քաղաքականութեան թուլութեան՝ պնդելով «պետութիւններու միջև բազմակողմ համաձայնութիւններուն» նպաստելու անհրաժեշտութիւնը (թիւ 34) եւ կոչ կ՛ընէ ստեղծել «առաւել արդիւնաւէտ ընդհանրական կազմակերպութիւններ՝ օժտուած համաշխարհային ընդհանուր բարիքը ապահովելու իշխանութեամբ», ինչպէս նաեւ «որոշ էական նպատակներու իրագործումը ապահովելու իրական լիազօրութիւններով» (թիւ 35)՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ բազմաթիւ են միաւորումները եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները, որոնք կ’օգնեն յատուցանել միջազգային հանրութեան թուլութիւնները:
Ի՞նչ կ’ակնկալուի Տուպայի COPէն
Անդրադառնալով Տուպայի մէջ առաջիկայ Նոյեմբեր 30էն Դեկտեմբերին 12ը տեղի ունենալիք COP28 բնապահպանական նիւթին առնչուող խորհրդաժողովին եւ մտահոգուած այն փաստով, որ «դէպի մաքուր ուժանիւթ անհրաժեշտ անցումը... բաւականաչափ արագ չընթանար» (թիւ 55), Ֆրանչիսկոս Պապը կը գրէ, որ. «չենք կարող չ’երազել, որ COP28ը մշտապէս վերահսկուող արդիւնաւէտ պարտաւորութիւններով կարող է հասնիլ ուժանիւթային անցման վճռական արագացմանը: Այս համաժողովը կարող է շրջադարձային ըլլալ» (թիւ 54), կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը եւ յոյս կը յայտնէ, որ հանդիպումի բանախօսները «իրենց երեխաներու ընդհանուր բարօրութեան և ապագայի մասին մտածող ռազմավարներ ըլլան, այլ ոչ թէ ինչ-որ երկրի կամ ընկերութեան յատուկ շահերու մասին մտածողներ: Այդ կերպ թող ի ցոյց դնեն քաղաքականութեան վեհութիւնը եւ ոչ թէ անոր ամօթը» (թիւ 60) կը մատնանշէ Քահանայապետը:
Պարտաւորութիւն, որ կը բխի քրիստոնէական հաւատքէն
Ան ի վերջոյ կը յիշեցնէ, որ այս պարտաւորութեան պատճառները կը բխին քրիստոնէական հաւատքէն՝ քաջալերելով «այլ կրօններու եղբայրներն ու քոյրերը նոյնն ընելու» (թիւ 61):
«Կը կազմենք տեսակ մը համընդհանուր ընտանիք, վսեմ հաղորդակցութիւն, որ կը մղէ մեզի դէպի սրբազան, սիրավառ եւ խոնարհ յարգանք» (թիւ 67): «Ասիկա մեր կամքի արդիւնքը չէ… Աստուած է որ մեզ շատ սերտօրէն միացուցած է մեզ շրջապատող աշխարհին: ... Վերջ դնենք, ամենակարող, ինքնավար, անսահման մարդ էակի մը գաղափարին, ու վերանայինք մենք մեզի` որպէսզի մենք մեզ նկատենք խոնարհ եւ աւելի հարուստ ձեւով» ( (68), հաստատած է Ֆրանչիսկոսը եւ կարեւոր նկատած է յիշեցնելու, որ «առանց մշակութային փոփոխութիւններու չկան տեւական փոփոխութիւններ... եւ չկան մշակութային փոփոխութիւններ եթէ մարդիկ չի փոխուին» (թիւ 70):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ