Որոնել

2023.10.25 Sinodo dei Vescovi - XVIII Congregazione Generale

Հրատարակուեցաւ Սիւնհոդոսի «Աստուծոյ ժողովուրդին» ուղղուած նամակը` Եկեղեցին պէտք է լսէ բոլորին

Աշխարհը, որուն մէջ կ՛ապրինք, և զոր մենք կոչուած ենք սիրել և ծառայել նոյնիսկ իր հակասութիւններու մէջ, կը պահանջէ նոյնանպատակ համատեղ գործունէութեան ամրապնդում իր առաքելութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 25 Հոկտեմբերին հրատարակուեցաւ անցեալ 4 հոկտեմբերին սկիզբ առած «Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ ի սպաս» նիւթով սիւնհոդոսի ժողովականներուն նամակը` ուղղուած համայն Աստուծոյ Ժողովուրդին, որուն սկիզբը գրուած է` «մինչ իրենց աւարտին կը հասնին Եպիսկոպոսներու 16րդ ընդհանուր հաւաքի առաջին նստաշրջանի աշխատանքային նիստերը, կ՛ուզենք ձեր հետ միասին գոհութիւն արտայայտել Աստուծոյ այս գեղեցիկ ու հարուստ փորձառութեան համար, որ ապրեցանք»...«բոլորի միջեւ խոր հաղորդակցութեամբ», «բոլորի աղօթքներու աջակցութեամբ»...։

Ակնարկելով ապա երկու տարի առաջ սկիզբ առած ունկնդրութեան եւ զատորոշումի սիւնհոդոսական գործընթացին, Սուրբ Հոգիի հովանաւորութեամբ միասին քալելու համար, ժողովականները ընդգծեցին` թէ ինչպէս այս սիւնհոդոսը եղաւ իրապէս յատուկ` տրուած ըլլալով, որ առաջին անգամն ըլլալով անոր մասնակցեցան աշխարհական այրեր եւ կիներ։

«Օգտագործելով Հոգիի մէջ խօսակցութեան մեթոտը՝ մենք խոնարհաբար կիսեցինք մեր համայնքներու հարստութիւնն ու աղքատութիւնը բոլոր ցամաքներուն մէջ՝ փորձելով հասկանալ, թէ Սուրբ Հոգին այսօր ի՞նչ կ՛ուզէ ըսել Եկեղեցւոյ: Այսպիսով, փորձարկեցինք լատինական աւանդոյթներու և քրիստոնէական արևելքի աւանդոյթներու միջև փոխադարձ փոխանակումներու խթանման կարևորութիւնը: Այլ Եկեղեցիներու և եկեղեցական համայնքներու եղբայրական պատուիրակներու մասնակցութիւնը խորապէս հարստացուց մեր բանավէճերը», գրուած է վերոնշեալ նամակին մէջ, ապա յղում կատարուած է այսօր աշխարհը յուզող բազմաթիւ հարցերուն` անհաւասարութիւններուն ու պատերազմներուն, «որոնց համար աղօթեցինք» ու «մեր յանձնառումը եւ զօրակցութիւնը ապահովեցինք բոլոր այն այրերուն եւ կիներուն, որոնք այսօր աշխարհի մէջ յանձնառու են, որպէս արդարութեան ու խաղաղութեան արհեստաւորներ»։

Նամակին մէջ խօսուած է նաեւ «միութեան աճումի ծարաւի» մասին, ինչպէս նաեւ «հասարակաց տան պահպանումի» եւ այս առնչութեամբ Սրբազան Քահանայապետին «Laudate Deum!» առաքելական նամակի մասին։

«Ժողովականները ընդգծած են ապա` թէ «Եկեղեցւոյ կոչումը Աւետարանը հռչակելն է, ոչ թէ ինքնիր վրայ կեդրոնանալով, այլ ինքզինք դնելով Աստուծոյ անհուն սիրոյ ծառայութեան տակ»։

«Այդ սէրը պէտք է միշտ մնայ Եկեղեցւոյ տրոփող սիրտը», նշուած է նամակին մէջ ու ակնարկուած նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ծննդեան 150 ամեակին առիթով հրապարակած նամակին` ուր ընդգծուած է «վստահութեան» կարեւորութիւնը։

Սիւնհոդոսի մասնակիցները հուսկ մաղթանք յայտնած են, որ մինչեւ 2024ի հոկտեմբերին կայանալիք Սիւնհոդոսի Երկրորդ նստաշրջանը, բոլորը առիթը ունենան մասնակցելու «Սիւնհոդոս բառին արտայայտած միսիոներական հաղորդութեան շարժականութեան»։

«Մարտահրաւէրները շատ են ու հարցադրանքերը բազմաթիւ` առաջին նստաշրջանի ամփոփիչ զեկոյցը կը յստակացնէ առաջին նստաշրջանին ձեռք բերուած համաձայնութեան կէտերը, կ՛ ընդգծէ բաց հարցերը և ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս շարունակել աշխատանքը» գրուած է միշտ Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղուած նամակին մէջ ու շեշտուած է` թէ «Եկեղեցին զատորոշումի մէջ զարգանալու համար կարիքն ունի անպայմանօրէն անսալու բոլորին, սկսեալ աղքատներէն։ Եւ այս կը պահանջէ ապաշխարութեան ուղեւորութիւն, որ է նաեւ Փառաբանութեան ուղեւորութիւն»։

«Ժամանակակից Եկեղեցին պարտաւորութիւնն ունի ունկնդրելու անոնք` որոնք զոհ են կղերականներու կողմէ գործադրուած չարաշահումներուն ու յանձնառու ըլլալու` որ այդ բաները այլեւս չպատահին»։ Եկեղեցին կարիքը ունի նաեւ ունկնդրելու աշխարհականները, երիտասարդները, մանուկները, տարեցներուն երազանքները, անոնց իմաստութիւնը ու յիշողութիւնը։ Եկեղեցին կարիքը ունի ունկնդրելու ընտանիքները, անոնց մտահոգութիւնները...կարիքը ունի ընկալելու ձայնն անոնց` որոնք կը փափաքին ներգրաւուիլ աշխարհականներու առաքելութեան մէջ... «Եկեղեցին` յատուկ օրէն կարիքը ունի զարգանալու սիւնհոդոսական զատորոշումին մէջ» նշուած է միշտ նամակին մէջ։

«Աշխարհը, որուն մէջ կ՛ապրինք, և զոր մենք կոչուած ենք սիրել և ծառայել նոյնիսկ իր հակասութիւններու մէջ, կը պահանջէ նոյնանպատակ համատեղ գործունէութեան ամրապնդում իր առաքելութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Եւ ճիշտ սիւնհոդոսական ուղեւորութիւնը ուղեւորութիւնն է` զոր Աստուած կ՛ակնկալէ երրորդ հազարամեակի Եկեղեցիէն (Ֆրանչիսկոս Պապ` 17 հոկտեմբեր 2015)։ Մենք պէտք չէ վախ ունենաք այս կոչին պատասխանելու» կը գրեն նամակի աւարտին Սիւնհոդոսին մասնակցողները, հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին ու հաստատելով` որ «Յիսուսն է մետ միակ յոյսը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2023, 08:00