Որոնել

Պրազիլի մէջ բնութենէն առնուած լուսանկար Պրազիլի մէջ բնութենէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկէ՛ք նոր սերունդներէն չի գողնանք աւելի լաւ ապագայի յոյսը»

Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանը կրող «Մանուկներու շրջաբերական նամակ։Վերադաստիարակել չափահասներուն աշխարհը» վերնագիրով հատորը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 29 հոկտեմբերին կը ներկայացուի ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով «Մանուկներու շրջաբերական նամակ։Վերադաստիարակել չափահասներուն աշխարհը» վերնագիրով հայր Էնցօ Ֆորթունթօ եւ Ալտօ Քանիոլիին
հատորը։

Մանուկներուն նուիրուած հատորին նիւթն է բնապահպանութիւնը, մոլորակը ու արարչագործութիւնը ու անոնց հոգ տանելու կարեւորութիւնը։

Գիրքին Նախաբանին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ 5 յունիս 1972-ին, Սթոքհոլմի մէջ գումարուած Միացեալ Ազգերու մարդկային միջավայրի առաջին համագումարը նշելով, որ այդ հանդիպումէն սկիզբ առաւ նոր ուղի մը որ միջազգային ընտանիքը առաջնորդեց քննարկելու հասարակաց տան խնամքի նիւթը ու այդ թուականը դարձաւ շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով բնապահպանութեան նիւթին, նախաբանի մէջ կը գրէ որ «բնապահպանութիւնն ու եղբայրութիւնը միասնաբար կը վազեն նոր ուղիին մը վրայէն. Եթէ կ՝ուզենք վերջնական օրէն լուծել մեր մոլորակին խնամք տանելու հարցը նախ պէտք է դարձի գալ սիրտով։

Կլիմայի փոփոխութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ որ կլիմայի փոփոխութեան երեւոյթը յամառօրէն մեզ կը յիշեցնէ մեր պարտականութիւններու մասին, ան յատկապէս կ՝ազդէ աղքատներուն, դիւրաբեկներուն վրայ ու անոնց վրայ, որոնք ամենաքիչ նպաստած են անոր զարգացման։

Կլիմային փոփոխութիւնը նախ արդարութեան, յետոյ զօրակցութեան հարց է կը նշէ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ կլիմայի փոփոխութիւնը մեզ կ՝առաջնորդէ մեր գործը հիմնելու բոլորին կողմէ պատասխանատու համագործակցութեան վրայ. «Մեր աշխարհը այժմ չափազանց փոխկապակցուած է եւ չկրնար թոյլ տալ բաժնուել շրջապատուած երկիրներու մէջ, որոնք իրենց շահերը կը դիզեն կղզիացած կամ անկայուն ձեւով։ Անհրաժեշտ է որ այսօր միջազգային ընտանիքը առաջնահերթութիւնը տայ հաւաքական, աջակցող եւ հեռատես գործողութիւններուն իրականացման։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանը եզրափակեց ընդգծելով բնապահպանութեան ծիրէն ներս սերունդներու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը.

«Անհրաժեշտ է չափահասներու եւ անչափահասներու միջեւ խորհրդանշական յանձնումը։ Անհրաժեշտ է հոգ տանիլ հասարակաց տան, մեր վատ վերաբերմունքի ենթարկած մոլորակին, բոլորիս միջեւ քիչ թէ շատ ծանրաբեռնուած պատասխանատուութեամբ։ Լոկ այս տիպարի փոփոխութիւնը՝ անչափահասներու հետ որոնք կ՝ուսուցանեն չափահասներու ու ու իրազեկ կը դարձնեն կրնայ փոփոխութեան իսկական յոյս բերել։

Անչափահասները կը պաշտպանեն գեղեցկութեան զգացումը որ դեռ անաղարտ է ։

Թոյլ տանք որ անոնք մեր հետը խօսքին։ Ու ինչպէս անոնք մտիկ կ՝ընեն իրենց մեծ հայրիկներուն եւ մայրիկներուն, մենք ալ փորձենք մտիկ ընել անոնց։ Եկէ՛ք նոր սերունդներէն չի գողնանք աւելի լաւ ապագայի յոյսը» «Սիրելի մանուկներ ձեզ կ՝ողջագուրեմ եւ իմացէք որ Պապը եւ մեծ Հայրը ամէն ինչ պիտի կատարէ որպէսզի դուք կարենաք ապրիլի գեղեցիկ եւ բարի աշխարհի մը մէջ։ Այս ձեր ուղեւորութեան մէջ Թող Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ընկերանայ ձեզի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2023, 14:13