Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պահրէյնի թագաւորը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պահրէյնի թագաւորը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պահրէյնի թագաւորը

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ֆրանչիսկոս Պապին ծոցի երկիր կատարած առաքելական ճամփորդութենէն գրեթէ մէկ տարի ետք
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 17 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Պահրէյնի Համատ Պին Իսա Ալ Խալիֆ թագաւորը, որուն հետ վերջին անգամ հանդիպած էր անցեալ տարի 2022ին, 3 նոյեմբերին, Պահրէյն կատարած երեքօրեայ այցելութեան ընթացքին, ուր մասնակցեցաւ Պահրէյնի մէջ կազմակերպուած միջ կրօնային համագումարին եւ որուն ընթացքին կոչ բարձրացաւ կրօններու եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան համար։

Վատիկանի մէջ կայացած Հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ Պահրէյնի թագաւորին նուիրեց հայրապետական երրեակ շքանշաններ, Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը, Statio Orbisի մասին գրքոյկը։

Թագաւորը ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեց ժամացոյցով բիւրեղեայ ծաղկաման, որ կը պարունակէ որոշ բուրմունքներ, ինչպէս նաեւ լուսանկարներու հատոր մը առնուած Պահրէյն կատարած այցելութիւնէն եւ Պահրէյնի մէջ նոր տաճարի կառուցման վերաբերող գիրքի երկրորդ հատորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2023, 10:52