Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Թելամի հետ հարցազրոյցը Ֆրանչիսկոս Պապ Թելամի հետ հարցազրոյցը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Այսօրուան մեծ թշնամին պատերազմն է, չկայ անվտանգութիւն առանց երկխօսութեան»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հարցազրոյցըTélam հաղորդամիջոցին հետ
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հարցազրոյց մը ունենալով Արժանթինէն Télam հաղորդամիջոցին հետ անդրադարձաւ ճգնաժամի, աշխատանքի, արուեստական բանականութեան, սիւնհոդոսի եւ յոյսի նիւթերու մասին։

Ճգնաժամի նիւթը

«Ճգնաժամ բառը ինծի շատ հաճելի է, որովհետեւ ունի ներքին շարժումը մը։ Սակայն ճգնաժամէն կարող ենք դուրս գալ դէպի վեր, դուրս չենք գար փոխզիջումներով» ըսաւ Սրբազան Հայրը յորդորելով սորվեցնել երիտասարդները ճգնաժամերը յաղթահարելու, որովհետեւ այս մէկը հասուն կը դարձնէ։

Մարդկութեան ճգնաժամը

Մարդկութեան կը պակսին մարդասէր հերոսներ, «երբեմն կը նկատեմ որ ճգնաժամերը կառավարելու եւ սեփական մշակոյթը ի յայտ բերելու կարողութեան բացակայութիւնը կայ։ Պէտք չէ երբեք վախնալ որ երկրի մը իրական արժէքները դուրս գան։ Ճգնաժամերը նման են ձայներու, որոնք մեզի կ՝ըսեն թէ, որ ուղղութեամբ պէտք ենք շարժիլ։

Աշխատանքի արժանապատուութիւն

Նորին Սրբութիւնը նշեց որ անհատի մը արժանապատուութիւնը տուողը աշխատանքն է ու ամենէն ծանր մեղքը շահագործումն է։ Նորին Սրբութիւնը յարեց թէ ինք համայնավար չէ այլ Աւետարանին հետեւողն է ։

Անձին գերիշխանութիւնը արհեստագիտութեան վրայ

Մշակութային յառաջընթացին ուղեցոյցը, ինչպէս արուեստական բանականութիւնը այն կարողութիւն է, որ այդ մարդ ու կինը ունին զայն կառավարելու իւրացնելու եւ կարգաւորելու։ Այր մարդն ու կինը արարչագործութեան տէրերն են ու երբեք պէտք չենք տատամսիլ։

Ընդհանուր անվտանգութիւնը

Խօսելով պատերազմին մասին ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ըրաւ համընդհանուր անվտանգութեան համար՝ երկխօսութեան միջոցաւ ըսելով որ կարելի չէ խօսիլ ընկերային անվտանգութեան մասին եթէ չկայ համընդհանուր անվտանգութիւն։
Խաղաղութեան եւ ընդհանուր բարօրութեան կերտման համար Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց մարդկութիւնը գիտակցելու իրենց ինքնութիւնը։ Չէ կարելի երկխօսիլ ուրիշին հետ եթէ չ՝ունինք գիտակցութիւնը թէ ուրկէ կը մեկնինք։

Եկեղեցին ներդաշնակութիւն է

Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցելով սիւնհոդոսին ինչպէս նաեւ ժամանակակից աշխարհի մէջ եկեղեցւոյ կարիքներու մասին, նշեց «Վատիկանի Տիզերական Բ ժողովին սկիզբէն Յովհաննէս ԻԳ Պապ ունեցաւ յստակ գաղափար մը, այն էր որ Եկեղեցին պէտք է փոխուի։ Նաեւ Պօղոս Զ Պապը նոյնպէս մտածեց ու այդ ուղղութեամբ ընթացաւ, ինչպէս նաեւ իրեն յաջորդած պապերը։ Սա չնշանակեր հետեւիլ նորաձեւութեան, կը նշանակէ աճի փոփոխութիւն յօգուտ մարդկանց արժանապատուութեան։

Յոյսը ամենօրեայ համեմունք մը

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ չենք կրնայ ապրիլ առանց յոյսի։ Եթէ փոքր յոյսերը ջնջենք մեր ամենօրեայ կեանքի մէջ ինքնութիւնն է որ կը կորսնցնենք։ Եւ աստուածաբանական յոյսը շատ հեզ է, սակայն ան է որ համեմունք կու տայ առօրեայ կեանքին։

Անդրադառնալով առաքելական ճամբորդութիւններուն ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ կը փափաքի Արժանթին այցելել։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2023, 13:06