Որոնել

Սիւնհոդոսին իսկական դերակատարը Սուրբ Հոգին է. Ֆրանչիսկոս Պապը փակումը կատարեց սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերուն

Վերջ գտան Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին առաջին փուլի աշխատանքային նիստերը։ Հրատարակուեցաւ ԺԶ սիւնհոդոսի ամփոփիչ զեկոյցը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կ՛ուզեմ յիշեցնել որ այս սիւնհոդոսին իսկական դերակատարը Սուր Հոգին է ուստի ձեզի կ՛առաջարկեմ ձեր հետ տանիլ Սուրբ Բարսեղի տեքստը, որ մեզի համար պատրաստեց Հայր Տավիտէ Փիրասը` շարունակեցէք խոկալ անոր մասին, այս մէկը կարող է մեզի օգնել»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերն են ասոնք զոր Ան ուղղեց Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի մասնակցողներուն, վերոնշեալ սիւնհոդոսի առաջին փուլի աշխատանքային նիստերու աւարտին, որոնք եզրափակուեցան շաբաթ 28 հոկտեմբերի երեկոյեան քուէարկելէ ետք սիւնհոդոսի աւարտական ամփոփիչ զեկոյցի յօդուածները։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել իւրաքանչիւր անհատի տարուած աշխատանքին համար ու մասնաւորապէս Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէքին, որ գիշերները չի քնացաւ, ընդհանուր զեկուցող` կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխին, որ եղաւ «նորընծաներու վարդապետ», Քոյր Նաթալի Պէքարին, Լուիս Մարին տը Սան Մարթինի, Հայր Ճաքոմօ Քոսթային, Հայր Ռիքքարտօ Պաթթոքիոյին, Ճուզեփփէ Պոնֆրաթէին, քոյր Մարիա Կրացիա Անճելինիին, Հայր Թիմոթի Ռատքլիֆին, որոնք մեզի հաղորդեցին հոգեւոր գիտութիւն ու նաեւ բոլոր «թաքուններուն», անոնք որոնք, վարագոյրի ետին աշխատեցան, եւ զոր մենք չենք տեսներ սակայն անոնք այս բոլորը կարելի դարձուցին։ Շնորհակալութիւն ի սրտէ ձեզի բոլորիդ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը։

Այս խօսքերուն հետեւեցաւ աղօթք զոր գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոս
Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոս

 

Եկեղեցի մը` որ կը ներգրաւէ բոլորը եւ մօտիկ է աշխարհի վէրքերուն

Չորս երկար շաբաթներ տեւած աշխատանքային նիստերու աւարտին, որոնք սկիզբ առած էին անցեալ 4 հոկտեմբերին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, շաբաթ 28 հոկտեմբերին, Եպիսկոպոսներու ԺԶ սիւնհոդոսի ամփոփիչ զեկոյցին հրապարակումով վերջ գտան սիւնհոդոսի առաջին փուլի աշխատանքային նիստերը։

Զեկոյցին մէջ շօշափուած են սիւնհոդոսի ընթացքին քննարկուած նիւթերը ինչպէս կիներն ու աշխարհականները, քահանայութիւնն ու սարկաւագութիւնը, առաքելութիւն ու վարդապետութիւն, խաղաղութիւն եւ կլիմայ, աղքատներ եւ գաղթականները, համամիութիւն եւ ինքնութիւն, նոր լեզուներ եւ նորոգուած կառոյցներ, հին ու ներ առաքելութիւններ, բոլորի ունկնդրութիւն եւ ամէն բանի համար խոր վերլուծութիւն, նոյնիսկ վիճայարոյց հարցերու պարագային։

Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոս
Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոս

Զեկոյցէն ի յայտ կու գայ աշխարհի ու Եկեղեցւոյ նկատմամբ նոր հայեցաք մը։ Փաստաթուղթը կազմուած է գրեթէ քառասուն էջերէ, որուն նախաբանին մէջ ակնարկուած է թէ աշխատանքները տեղի ունեցան մինչ աշխարհի մէջ բռնկած էին հին ու նոր պատերազմներ։

«Աղքատներուն աղաղակը, աղաղակն անոնց` որոնք ստիպուած եղած են գաղթելու, անոնց` որոնք ենթարկուած են բռնութեան կամ կը տառապին կլիմայի փոփոխութեան կործանարար հետևանքներէն, հնչեց մեր միջեւ, ոչ միայն լրատուամիջոցներու միջոցաւ, այլեւ շատերու ձայներով, որոնք անձամբ ներգրաւուած են իրենց ընտանիքներուն, իրենց ժողովուրդներուն հետ, այս ողբերգական իրադարձութիւններուն մէջ»,- գրուած է նախաբանին մէջ։

Այս ու շատ այլ մարտահրաւէրներուն տիեզերական Եկեղեցին փորձեց պատասխաններ տալ փոքր խումբերուն ու ընդհանուր նիստերու ընթացքին:

Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոս
Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոս

Զեկոյցը կազմուած է է երեք բաժինէ, որոնք կ՛ ուրուագծեն 2024 թուականին նախատեսուած երկրորդ փուլի աշխատանքային ուղին։

Առաջինը կը խօսի «Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ դիմագիծ»ի մասին ներկայացնելով աստուածաբանակն սկզբունքները որոնք կը լուսաւորեն եւ կը հիմնեն սիւնհոդոսականութիւնը։ Սիւնհոդոսական ոճը կը ներկայանայ` որպէս հաւատքի մէջ գործելու ձեւ մը որ ծնունդ կ՛առնէ Սուրբ Երրորդութեան խոկում եւ կ՛արժեւորէ միութիւնն ու տարբերութիւնները` որպէս եկեղեցական հարստութիւն։

Երկրորդ բաժնին վերնագիրն է «բոլորս աշակերտներ, բոլորս միսիոնարներ» ուր կը խօսուի բոլոր անոնց մասին որոնք ներգրաւուած Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ։ Այս բաժնին մէջ սիւնհոդոսականութիւնը կը ներկայանայ` որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին միասնական ունեւորութիւն եւ խարիզմներու, առաքելութիւններու պտղաբեր երկխօսութիւն ի ծառայութիւն Աստուծոյ թագաւորութեան։

Երրորդ բաժինին տիտղոսն է «հիւսել կապեր, կառուցել հասարակութիւն»։ Այստեղ սիւնհոդոսականութիւնը կը ներկայանայ որպէս գործընթացքներու միասնութիւն մը եւ կառոյցներու ցանց մը, որոնք կը դիւրացնեն եկեղեցիներու միջեւ փոխանակումները եւ աշխարհին հետ երկխօսութիւնը։

Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոս
Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոս

Զեկոյցին մէջ շօշափուած նիւթերու շարքին նշենք` բոլորի ունկնդրութիւնը, սկսեալ ոտնձգութիւններու զոհերէն, սիւնհոդոսական դիմագիծով Եկեղեցի մը, առաքելութիւնը, աղքատները կեդրոն, հաւատացեալներու յանձնառումը քաղաքականութեան մէջ եւ ի սպաս հասարակաց բարիքին, գաղթականները, պայքար ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան դէմ, Արեւելեան Եկեղեցիները, քալել դէպի միութիւն, ապա աշխարհականներ եւ ընտանիք, կիները, կղերապաշտութիւնը, իգական սարկաւագութիւնը, չարաշահումներն ու խտրականութիւնը, կեանքը, սարկաւագներ եւ կազմաւորում, կուսակրօնութիւն, եպիսկոպոսներուն դերը, ունկնդրութիւնը, բազմակնութեան նիւթը եւ թուային մշակոյթը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2023, 21:51