Որոնել

Vajont-ի մէջ ամբարտակի կործանումէն ետք կառուցուած եկեղեցին Vajont-ի մէջ ամբարտակի կործանումէն ետք կառուցուած եկեղեցին  (Manuelbruno Usai)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիշողութիւնը կը մղէ պաշտպանելու կեանքն ու արժանապատուութիւնը»

Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրով մը յիշեց 60 տարի առաջ Իտալիոյ Ֆրիուլի մարզին մէջ ամբարտակի կործանման թիրախ զոհերը
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական հեռագիր յղեց, 60 տարի առաջ, 9 հոկտեմբեր 1963ին, Իտալիոյ Վալլէ Տէլ Փիաւէ գիւղաքաղաքին մէջ Vajont ամբարտակի կործանումի կապակցութեամբ, որուն հետեւանքով մահացան 1917 անձեր։

Վերոյիշեալ ամբարտակի կործանման յիշատակի առիթով Վենետիկի Պատրիարք գերերջանիկ Ֆրանչեսքօ Մորալիա Սուրբ Պատարագ մատուցեց Fortogna di Longarone գիւղաքաղաքի գերեզմանատzն մէջ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ, տիար Սերճօ Մաթթարելան։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթանքը փոխանցեց այն յոյսով, որ Ֆրիուլի մարզի մէջ տեղի ունեցած  «Ողբերգական եւ ցաւալի իրադարձութիւնը կարենայ առաջացնել կեանքի եւ մարդկային արժանապատուութեան խթանման նոր յանձնառում, ապահովուելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը ամբարտակի կործանման աղէտի թիրախ զոհերու համար ինչպէս նաեւ օրհնութիւնը Հովիտի բնակչութեան եւ ոգեկոչման արարողութեան մասնակիցներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2023, 12:03