Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (foto Maria Langarica)

Ֆրանչիսկոս Պապ արդարացումի նամակ ստորագրեց սիւնհոդոսին ամենաերիտասարդ անդամին

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ բարձր գնահատեց երիտասարդին ի գործ դրած ջանքերը եկեղեցւոյ այդ նշանակալից իրադարձութեան նպաստելուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին իր մասնակցութիւնը բերող 19 ամեայ ամերիկացի երիտասարդ մը, համալսարանէն չորս շաբաթ բացակայութիւնը արդարացնելու համար, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետէն խնդրեց, որ ստորագրէ արդարացումի նամակը մը։

Երիտասարդի կողմէ պատրաստուած Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայացուած արդարացումի նամակին մէջ գրուած է, որ Wyatt A. Olivas մաս կազմեց սիւնհոդասկանութեան նուիրուած սիւնհոդոսին։ Ան աշխուժութեամբ աշխատեցաւ՝ եկեղեցւոյ այդ նշանակալից իրադարձութեան նպաստելու համար։

Եկեղեցական հասարակութեան կողմէ բարձր գնահատուեցաւ Wyatt A. Olivas ի գործ դրած ջանքերը ու մենք երախտապարտ ենք անոր նուիրուածութեան եւ քրտնաջան աշխատանքին համար ու անոր անխոնջ աշխատանքին որպէս արդիւնք կը կարծենք որ արդարացուի համալսարանէն բացակայութիւնը, իր ուժեր վերագտնելու համար։

Վստահ ենք, որ այս կարեւոր դադարէն են ան պիտի վերադառայ իր ուսումներուն վերանորոգուած ուժով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրելէ ետք արդարացումի նամակը զայն ուրախութեամբ յանձնեց երիտասարդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2023, 11:51