Որոնել

2023.10.04 Sinodo dei Vescovi - Congregazione Generale

Սիւնհոդոսին դերակատարը Սուրբ Հոգին է. Ֆրանչիսկոս Պապին բացման խօսքը

Քահանայապետը բացումը կատարեց Սիւնհոդոսական աշխատանքային նիստերուն յիշեցնելով, որ «սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ եւ ոչ ալ բարեկամներու միջեւ հաւաք» ապա հաստատելով որ սիւնհոդոսին դերակատարը Սուրբ Հոգին է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի` 4 հոկտեմբեր 2023ի կէսօրէն ետքը, Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի բացման նիստը, որուն առիթով ժողովականներուն ուղղեց անպատրաստից սրտաբուխ խօսք մը ներկայացնելով չորս շաբաթ տեւող աշխատանքներուն ուղեցոյցը եւ լրագրողներէն խնդրելով` որ օգնեն փոխանցելու պատգամը, թէ խօսքէն առաջ առաջնահերթութիւնը ունկնդրութեան մէջ է։

Սիւնհոդոսին առիթով փոխուած էր նաեւ Պօղոս Զ դահլիճի աթոռներուն դասաւորումը, որոնք զետեղուած էին կլոր սեղաններու շուրջ։ Ֆրանչիսկոս Պապը եւս տեղ առած էր այդ աթոռներէն մէկուն վրայ եւ այնտեղէն ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը, որուն մէջ, ինչպէս նշեցինք հաստատեց` որ «Սուրբ Հոգին է դերակատարը» ու թէ եթէ «մենք Անոր տեղ տանք, սիւնհոդոսը լաւ պիտի ընթանայ», զգուշացնելով դատարկ խօսքերէն, շաղակրատանքէն, որ «հակա-Սուրբ Հոգի են» ու թոյլ չեն տար, որ Ան մեզ բուժէ «շատախօսութեան հիւանդութենէն»։

Սիւնհոդոսականութեան մասին սիւնհոդոս
Սիւնհոդոսականութեան մասին սիւնհոդոս

Քահանայապետը հրաւիրեց հուսկ անկեղծ ըլլալ ու ճշմարտութիւնը ըսել մէկը միւսին, յատկապէս եթէ համաձայն չենք մէկու մը կամ միւսի մը խօսքերուն հետ, հեռու մնալով շատախօսութեան փորձութենէն։

Խօսքերէն աւելի Քահանայապետին մտահոգութիւնն է, որ սիւնհոդոսի ընթացքին տեղ տրուի ունկնդրութեան։ «Այստեղ կայ ունկնդրութեան առաջնահերթութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը, որ ապա ակնարկեց անցեալ սիւնհոդոսներու ընթացքին «հակասութիւններուն ու լրատուամիջոցներու ճնշումներուն», հաղորդակցութեան միջոցներէն ու գործիչներէն խնդրելով, որ օգնեն ի յայտ դնելու «ունկնդրութեան պատգամը»

Նորին Սրբութիւնը հուսկ, որպէս բոլորի համար խորհրդածութիւններու նիւթ ակնարկեց ժողովակներուն բաժնուած Սուրբ Բարսեղի Սուրբ Հոգիի մասին գրութիւններու ժողովածոյին։

Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոս
Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոս

Ան ապա նշեց` թէ այս սիւնհոդոսին նիւթը որոշուեցաւ աշխարհի եպիսկոպոսներուն ուղղուած հարցաքննութեան մը միջոցաւ, որոնց մեծամասնութիւնը ընտրեց Սիւնհոդոսականութեան նիւթը, «Որովհետեւ բոլորն ալ հասկցած էին սիւնհոդոսականութեան նիւթին մասին խորհրդածելու հարկաւորութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, ապա դարձեալ շեշտեց` որ «սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ, այլ բան է` անիկա ուղեւորութիւն մըն է զոր կը կատարէ Սուրբ Հոգին», դարձեալ հաստատելով ու շեշտելով «ունկնդրութեան առաջնահերթութեան» կարեւորութիւնը ու այդ պատգամին փոխանցումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2023, 17:39