Որոնել

FILES-VATICAN-RELIGION-POPE-COP28

Բժիշկներու խնդրանքով չեղարկուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տուպայ ճամբորդութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը նախատեսուած էր յառաջիկայ Ուրբաթ` մէկ դեկտեմբերին ապա Շաբաթ` երկու դեկտեմբերին նախատեսուած էր անոր ճառը` COP28 վեհաժողովին։ Կիրակի 3 դեկտեմբերի առաւօտեան Սրբազան Պապը բացումը պիտի կատարէր «Հաւատքի տաղաւարին»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Բժիշկներու խրատին հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապը «մեծ ցաւով» չեղարկեց մէկէն երեք դեկտեմբերին` Տուպայ կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը, կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած Cop28 վեհաժողովին առիթով։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին։

Հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ արդարեւ կը կարդանք.

«Թեպէտ Սրբազան Հօր ընդհանուր բժշկական պատկերը` հայող մրսելու պատճառաւ շնչուղիներու բորբոքումին, բժիշկները Անորմէ խնդրեցին չեղարկել յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած ուղեւորութիւնը Տուպայ՝ ՄԱԿի կլիմայական փոփոխութիւններու Կողմերու շրջանակային համաձայնագիրի 28րդ համաժողովին առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապը մեծ ափսոսանքով ընդունեց բժիշկներու խնդրանքը, ուստի ճամբորդութիւնը ջնջուած է։

Սրբազան Պապն ու Սուրբ Աթոռը կամենալով մաս կազմել ընթացքի մէջ քննարկումներուն, յառաջիկայ օրերուն, հնարաւորինս շուտ, կը սահմանուին այս մէկը իրականացնելու ուղիները»։

Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը նախատեսուած էր յառաջիկայ ուրբաթ մէկ դեկտեմբերին ապա շաբաթ երկու դեկտեմբերին նախատեսուած էր անոր ճառը` COP28 վեհաժողովին։ Կիրակի` 3 դեկտեմբերի առաւօտեան Սրբազան Պապը բացումը պիտի կատարէր «Հաւատքի տաղաւարին»։ Այս իր մասնակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի ըլլար առաջին Քահանայապետը, որ պիտի մասնակցէր այսպիսի վեհաժողովի մը, նուիրուած կլիմայական փոփոխութիւններուն, հարց` որ Սրբազան Պապին սրտին խօսող հարց է եւ որուն նուիրեց շրջաբերական մը` «Գովեալ Ըլլաս» եւ տասը տարի ետք հրատարակեց առաքելական յորդորագիր մը «Laudate Deum - Աստուած Գովաբանեցէք»։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2023, 19:59