Որոնել

Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Փիրոնիօ Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Փիրոնիօ  

Մօտիկ ապագային եկեղեցին կ՝ունենայ նոր Երանելի Աստուծոյ ծառայ Արժանթինցի կարդինալ Փիրոնիօ

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու սուրբերու դատի նոր երանելիի, երեք Աստուծոյ ծառաներու վերաբերող հրամանագիրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 8 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն որուն արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու սուրբերու դատի նոր երանելիի, երեք Աստուծոյ ծառաներուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Մօտ օրէն Երանելի պիտի հռչակուի Արժանթինցի կարդինալ Ֆրանչիսքօ Փիրոնիօ։ Ան եղած է քահանայապետական աշխարհականներուն համար խորհուրդին նախագահը եւ իրականացուցած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ -ի հաստատուած երիտասարդներու համաշխարհային օր ձեռնարկը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճանչցաւ նաեւ Աստուծոյ ծառայ Ճուզէփփէ Մարրացոյի, Աստուծոյ աղախին Էլիսվա Տէլլա Պէադա Վերժինէ Մարիայի եւ Աստուծոյ աղախին Մարիա Ֆրանչէսքա Ֆորէսթիի մարտիրոսական առաքինութիւնները։

Աստուծոյ ծառայ Ճուզէփփէ Մարացցօ ծնած է գիւղացի ընտանիքի յարկին տակ, ան ծառայած է Մեսսինա քաղաքին մէջ եւ յատուկէն նուիրուած էր խոստովանանքի խորհուրդին հետեւելով Քրուաթցի Քափուչիններուն անդամ Սուրբ Լէոփոլտօ Մանտիչի օրինակին։

Աստուծոյ աղախին Էլիսվա Տէլլա Պէաթա Վերճինէ Մարիա ծնած է 1831ին, Հնդկաստան, հարուստը ընտանիքի յարկին տակ։ Ան որպէս այրի կին ապրած է աղօթքի եւ մենակեաց կեանքը յատուկէն նուիրելով աղքատներուն խնամակալութեան։

Աստուծոյ աղախին Մարիա Ֆրանչէսքա Ֆորէսթի։ Ան հիմնած է Ֆրանչէսքանէ Ատոլադրիչի քոյրերու միաբանութիւնը։ Կեանքը նուիրած էերիտասարդներուն կրթութեան՝ կաթողիկէ վարդապետութեան ուսուցումով

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2023, 12:15