Որոնել

«Իմ Մսուրս․ Ձեզի կը պատմեմ Սուրբ Ծնունդի անձնաւորութիւններու մասին» գիրքին կողքը «Իմ Մսուրս․ Ձեզի կը պատմեմ Սուրբ Ծնունդի անձնաւորութիւններու մասին» գիրքին կողքը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Մսուրի մասին պատմող գիրքը

Իտալական «Piemmme» հրատարակչատունը՝ վատիկանեան «Libreria Editrice Vaticana»ի հետ համատեղ հրատարակած է գիրք մը, որ կը համախմբէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի՝ Սուրբ Մսուրի վերաբերեալ ունեցած շարք մը գրութիւնները, մտորումները, ելոյթները եւ քարոզները։ Հատորին ներածականը կը կրէ Ֆրանչիսկոսի ստորագրութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 21 Նոյեմբերին, իտալական «Piemmme» եւ վատիկանեան «Libreria Editrice Vaticana» հրատարակչատուներու համագործակցութեամբ, լոյս տեսաւ «Իմ Մսուրս․ Ձեզի կը պատմեմ Սուրբ Ծնունդի անձնաւորութիւններու մասին» տիտղոսը կրող գիրքը, որ կը համախմբէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ Սուրբ Մսուրի վերաբերեալ ունեցած շարք մը գրուածքները, մտորումները, ելոյթները եւ քարոզները։ Հատորին ներածականը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը։

Անոր մէջ Պապը յատուկէն ընդգծած է իր երկու այցելութիւնները Կրեչչօ՝ գիւղաքաղաք, Ռիեթի նահանգի մէջ, ուր 1223 թուականին Սուրբ Ծննդեան նախօրէին Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին ստեղծեց առաջին կենդանի մսուրը, որուն այս տարի կը լրանայ 800ամեայ յոբելեանը։

«Առաջին անգամ՝ ճանչնալու այն վայրը, (․․․), որ նշանաւորած է նաեւ իմ մանկութիւնս. Պուէնոս Այրէսի մէջ իմ ծնողացս տանը Սուրբ Ծննդեան այս նշանը երբեք չէ բացակայած», իսկ երկրորդ անգամ սիրայօժար կերպով վերադարձայ այդ վայրը, (․․․) որպէսզի ստորագրեմ «Admirabile signum» Առաքելական Յորդորը, որ կը վերաբերի Սուրբ Մսուրի այսօրուայ իմաստին եւ նշանակութեան», նշած է Սրբազան Քահանայապետը եւ ասկէ մեկնելով պատմած է թէ՝ այդ տեսարանի զգացմունքները մղած են զԻնք խորանալու քրիստոնէական առեղծուածի մէջ, որ անսահման փոքր բաներէն ներս կը թաքնուի։ Յիսուս Քրիստոսի մարմնաւորումը, որ պատկերուած է մսուրի մէջ, «աստուածային յայտնութեան սիրտն է» գրած է Ֆրանչիսկոսը։

Փոքրութիւնն է իրականութեան մէջ Աստուծոյ հանդիպելու ճանապարհը

«Փոքրութիւնն է իրականութեան մէջ Աստուծոյ հանդիպելու ճանապարհը», շարունակած է Պապը յղում կատարելով Իգնիատիոս Լոյոլայի գաղափարին։ Կեանքի ընթացքին մարդը պէտք է «չվախնայ մեծ բաներէն», այլ աւելի շուտ «ուշադրութիւն դարձնէ փոքր բաներուն»: Բեթղեհէմի հովիւները օրինակ են մեզի համար հաւատքի և զարմանքի մէջ, որոնք «փոքրութեան մէջ կը ճանչնան Աստուծոյ դէմքը», նշած է Քահանայապետըվ եւ նկատել տուած, որ «հարկաւոր է հրաժարիլ, այն բանէն, որ կը հրապուրէ, սակայն կը տանի դէպի վատ ճամբայ, հասկնալու եւ ընտրելու համար Աստուծոյ ճամբաները»:

Պապը «Աստուծոյ փոքրութիւնը» անուանած է «ուժեղ նշան», որ չի նշանակեր ուժ կամ հպարտութիւն, այլ խոնարհութիւն: «Աստուած խոնարհեցաւ, որպէսզի մենք կարողանանք քալել Անոր հետ, և որպէսզի Ան կանգնի մեր կողքին, այլ ոչ թէ մեզմէ վեր եւ հեռու»:

Ի վերջոյ, Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն արտայայտած է, որ «աւետարանական մեծ գործ կատարած առաջին Մսուրը կարող է այսօր եւս առիթ հանդիսանալ զարմանք եւ հիացում յառաջացնելու։ Այսպիսով այն ինչ որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը սկսաւ այդ նշանի պարզութեամբ, կը մնայ մինչ օրս՝ որպէս մեր հաւատքի գեղեցկութեան անարատ պատկեր»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2023, 13:01