Որոնել

Destroyed houses in northern Gaza Strip are seen from Sderot

Պատերազմը պարտութիւն է` աղօթենք խաղաղութեան համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Թող Տէրը մեզի պարգեւ արդար խաղաղութիւնը։ Մեծ տառապանք կայ, կը տառապին մանուկները, կը տառապին հիւանդները, տարեցները ու բազմաթիւ երիտասարդներ կը մահանան։ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, չմոռնանք այս մէկը, անիկա պարտութիւն է
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մտածենք ու աղօթենք պատերազմէ տառապող ժողովուրդներուն համար։ Չմոռնանք նահատակ Ուքրանիան ու մտածենք պաղեստինի եւ իսրայէլի ժողովուրդներուն. Թող Տէրը մեզի պարգեւ արդար խաղաղութիւնը։ Մեծ տառապանք կայ, կը տառապին մանուկները, կը տառապին հիւանդները, տարեցները ու բազմաթիւ երիտասարդներ կը մահանան։ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, չմոռնանք այս մէկը, անիկա պարտութիւն է»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց նորոգել խաղաղութեան նուիրուած իր կոչը, անգամ մը եւս հաստատելով, թէ պատերազմը պարտութիւն է ու միայն ձախողութիւն, որ իր հետ կը բերէ ցաւ ու տառապանք։ Նորին Սրբութիւնը այս խօսքերը արտասանեց չորեքշաբթի 8 նոյեմբերին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած Հրապարակային Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքէն առաջ։

Ան ապա ողջունեց երիտասարդները, տարեցները, հիւանդներն ու նորապսակները, յիշեցնելով, որ վաղը կը յիշատակուի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային օծման ծիսական տօնը։ «Անիկա Հռոմի աթոռանիստ եկեղեցին է , Քահանայապետին եկեղեցին է» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով, որ այս տարեդարձը մեր մէջ հրահրէ իղձը` դառնալու Տիրոջ ծառայութեան մէջ կենդանի քարեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2023, 10:13