Որոնել

2023.11.11 Delegazione della Comunità Sikh degli Emirati Arabi Uniti

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Տուպայի ՍԻՔ հասարակութեան մէկ պատուիրակութիւնը

«Անշահախնդիր ծառայութիւնը, որ կը մատուցուի յատկապէս անոնց` որոնց մեզմէ աւելի փոքր են և կը յայտնուին հասարակութեան արուարձաններուն մէջ, բացի մեզ իրազեկ դարձնելէ մեր փոքրութեան և անբաւարարութեան, մեզ աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 11 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնական հանդիպումներու շարքին էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ժամանած ՍԻՔ համայնքի մէկ պատուիրակութեան հետ հանդիպումը` նախաձեռնութեամբ Տուպայի Նանաք Տապար Կուրույին։

Առաքելական պալատէն ներս զանոնք ընդունելով Սրբազան Պապը ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները, նշելով` թէ իրեն հաճոյք պատճառեց իմանալ իրենց հայրենիքէն հեռու բայց հայրենիք դարձած տարբեր երկիրներու մէջ անոնց հաւատքէն ներշնչուած մատուցած ծառայութիւններու մասին, որոնք կը վկայեն «ձեր յանձնառումը հաւատքը ապրելու ու սատարելու ընկերութեան բարիքին, փորձելով ընդելուզուիլ ու միեւնոյն ժամանակ հաւատարիմ մնալ ձեր իւրայատուկ ինքնութեան», ըսաւ Քահանայապետը այդ մէկը ներկայացնելով որպէս «մարդոց միջեւ կամուրջներու կառուցում, յատկապէս ծառայութիւն` աղքատներուն, կարիքաւորներուն ու տառապեալներուն»

«Հաւատք եւ ծառայութիւնը մտերիմ կերպով իրար զօդուած են եւ Աստուծոյ հասնելու իսկական ճանապարհը, ինչպէս նշուած է Կրանթ Սահիպ Կուրու ձեր Սուրբ Գիրքին մէջ, մարդոց ու եղբայրներու ծառայութեան մէջ է» աւելցուց Սրբազան Պապը մէջբերելով նաեւ Յիսուսին աւետարանական խօսքերը` «Որովհետև քաղցած էի, և դուք ինծի ուտելիք տուիք ծարաւ էի, և ինծի խմելու ջուր տուիք, օտար էի, և ինձ ձեր մօտ ընդունեցաք, մերկ էի, և ինծի հագցուցիք, հիւանդ էի, և ինձ խնամեցիք, բանտն էի, և ինծի այցելեցիք»։

«Անշահախնդիր ծառայութիւնը, որ կը մատուցուի յատկապէս անոնց` որոնք մեզմէ աւելի փոքր են և կը յայտնուին հասարակութեան արուարձաններուն մէջ, բացի մեզ իրազեկ դարձնելէ մեր փոքրութեան և անբաւարարութեան, մեզ աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու մաղթեց «թող ան միշտ ըլլայ ձեր ապրելակերպը, և թող դուք օրհնութիւն ըլլաք բոլոր անոնց համար, որոնց կը ծառայէք՝ խթանելով եղբայրութեան և հաւասարութեան , արդարութեան և խաղաղութեան ոգին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2023, 12:10