Որոնել

Pope Francis leads the Angelus prayer at the Vatican

Աղօթքը խաղաղութեան ուժն է, որ կը խորտակէ ատելութեան պարոյրը. Ֆրանչիսկոս Պապ

26 նոյեմբերի Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը, որ անհանգստութեան պատճառաւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրէն ուղիղ երթերով կապուեցաւ սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն հետ, կոչ ուղղեց աղօթելու խաղաղութեան համար, յիշեց ԵՀՕ, Հոլոմոտորը, Իսրայէլապաղեստինեան հարցը եւ աղօթք խնդրեց յառաջիկայ շաբաթավերջին COP28 առիթով Տուպայ կատարելիք ճամբորդութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մարեմեան աղօթքը գլխաւորեց իր բնակարանի` Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրէն, «թոքերու բորբոքումի պատճառաւ», ինչպէս բացատրեց նոյնինքն Սրբազան Պապը, հաւատացեալներուն հաղորդելով, թէ խորհրդածութիւնը եւ նաեւ ողջոյնի խօսքերը պիտի արտասանէ Գերապայծառ Պրայտան, որ պետքարտուղարութեան գրասենեակի ղեկավար է եւ ընդհանրապէս ինքն է, որ կը պատրաստէ խորհրդածութիւնները, մինչ Սրբազան Պապը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքի աւարտին բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները։

Երիտասարդներու Համաշխարհային 38րդ օրը

Մարեմեան աղօթքէն ետք ընթերցուած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը յիշեց այսօր տեղական եկեղեցւոյ մակարդակով յիշատակուող Երիտասարդներու Համաշխարհային 38րդ օրը, որուն բնաբանն է «ուրախ յոյսին մէջ»։

«Կ՛օրհնեմ անոնք` որոնք կը մասնակցին թեմերու մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներուն, որպէս շարունակութիւն Լիզպոնի ԵՀՕ։ Կ՛ողջագուրեմ երիտասարդները, աշխարհիս ներկան ու ապագան, ու կը քաջալերեմ զանոնք ըլլալու Եկեղեցւոյ կեանքին ուրախ դերակատարները» եղաւ Սրբազան Պապին պատգամը։

Ուքրանիան եւ Հոլոմոտորը

Ան ապա յիշեց թէ երեկ մարտիրոս Ուքրանիան յիշատակեց ՀՈԼՈՄՈՏՈՐը, «ցեղասպանութիւն` որ իրականացուեցաւ 90 տարիներ առաջ Սովետական Վարչակարգի կողմէ» եւ որուն պատճառաւ մէկ միլիոն մարդ սովամահ եղան։

«Այդ խոցող վէրքը, ապաքինելու փոխարէն, աւելի ցաւոտ դարձաւ պատերազմի վայրագութիւններուն պատճառաւ, որոնք կը շարունակեն տառապեցնել այդ սիրելի ժողովուրդը» յարեց Քահանայապետը, իր Գերապայծառ Պրայտայի կողմէ ընթերցուած Մարեմեան Աղօթքի ողջոյնի խօսքէն մէջ, ուր ապա հրաւէր ուղղեց բոլորին «շարունակելու աղօթել առանց յոգնելու հակամարտութիւններէ յօշոտուած բոլոր ժողովուրդներուն համար», որովհետեւ «աղօթքը խաղաղութեան ուժն է, որ կը խորտակէ ատելութեան պարոյրը, կը կոտրէ վրէժխնդրութեան շրջանակը և կը բանայ հաշտութեան անսպասելի ուղիներ»։

Իսրայէլ - Պաղեստին

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ապա գոհութիւն մատուցել Աստուծոյ «որովհետեւ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ կայացաւ հրադադարը եւ պատանդներէն մի քանիները ազատ արձակուեցան։

«Աղօթենք` որպէսզի բոլոր պատանդները ազատ արձակուին եւ որպէսզի Կազա մուտք գործեն աւելի մեծ քանակով մարդասիրական օգնութիւններ եւ որպէսզի շեշտուի երկխօսութիւնը, որ միակ ճանապարհն է, միակ ճանապարհը` հասնելու խաղաղութեան» պնդեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «Ան որ երկխօսութիւնը կը մերժէ, կը մերժէ խաղաղութիւնը»։

Բնապահպանութիւնը

«Պատերազմէն անդին մեր աշխարհը վտանգուած է այլ մեծ սպառնալիքի մը պատճառաւ, բնապահպանական սպառնալիքը, որ վտանգի տակ կը դնէ աշխարհի վրայ կեանքը, մասնաւորապէս յաջորդ սերունդները», նշեց հուսկ Քահանայապետը ընթրեցուցած ողջոյնի խօսքին մէջ, դիտել տալով` որ «այս մէկը հակառակ է Աստուծոյ ծրագրին, որ ամէն բան ստեղծեց կեանքին համար»։

Տուպայի COP28

«Ասոր համար յառաջիկայ շաբաթավերջին պիտի մեկնիմ Արաբական Էմիրութիւններ, որպէսզի շաբաթ օրը ելոյթ ունենամ Տուպայի COP28 վեհաժողովին» յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց` որոնք այս ճամբորդութեան «իրեն պիտի ընկերանան աղօթքով եւ յանձնառումով` ի սիրտ ունենալու հասարակաց տան պաշտպանութիւնը»։

Գերապայծառ Պրայտան կարդաց ապա Քահանայապետին ողջոյնի խօսքերը ուղղուած Իտալիայէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով` որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2023, 13:04