Որոնել

Տուպայ Տուպայ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապին Տուպայ առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը

Սրբազան Պապը Տուպայ կը մեկնի իր մասնակցութիւնը բերելու ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած COP 28 վեհաժողովին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան. - Վատիկան

Այսօր` ինը նոյեմբերին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ մէկէն երեք դեկտեմբեր 2023ին Տուպայ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։

Սրբազան Պապը Տուպայ կը մեկնի իր մասնակցութիւնը բերելու ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած COP 28 վեհաժողովին։

Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Ֆիումիջինօ օդակայանէն կը մեկնի ուրբաթ մէկ դեկտեմբերի ժամը 11:30 անց, ու անոր Տուպայի միջազգային օդակայան ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով երեկոյեան 8,25ին (իտալիոյ ժամով 5,25 անց), ուր նախատեսուած է նաեւ պաշտօնական հիւրընկալութեան արարողութիւնը։

Շաբաթ 2 դեկտեմբերի առաւօտեան տեղական ժամով 10ին Սրբազան Պապը իր մասնակցութիւնը կը բերէ COP 28 վեհաժողովին, ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը ապա 10,30ին տեղի կ՛ունենան առանձնական երկկողմ հանդիպումներ, որոնք կը շարունակուին կէսօրէն ետքը։

Կիրակի 3 դեկտեմբեր 2023ի առաւօտեան ժամը ինին Սրբազան Պապը կը նախագահէ Տուպայի «Էքսփօ Սիթիի» մօտ «Հաւատոյ տաղաւարի» բացման արարողութեան այդ առիթով ուղղելով նաեւ իր սրտին խօսքը հուսկ հրաժեշտ առնելէ ետք ներկաներէն կ՛ուղղուի Տուպայի միջազգային օդակայան ուր ժամը 10:45անց հրաժեշտի արարողութեան աւարտին կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար դէպի Հռոմ ապա Վատիկան։

«Հաւատքի տաղաւար»ը, COP28-ի շրջագիծէն ներս ունի վեց հիմնական նպատակ. ոգեշնչել կրօններու և կրօնական առաջնորդներու ներուժը՝ որպէս կլիմայական գործողութիւններու փոփոխութեան գործակալներ. ընդգծել հաստատութիւններու և կրօնական համայնքներու շօշափելի գործողութիւնները՝ կլիմայի փոփոխութիւնը զսպելու, չափելի ցուցանիշներով և հսկողութեան մեխանիզմով. խթանել հաւատքի առաջնորդներու ընդհանուր համախմբում մը, որ միասին աշխատի կլիմայական գործողութիւններու ի նպաստ. խրախուսել կրօնական առաջնորդները ներգրաւուելու քաղաքական երկխօսութեան մէջ և ներշնչել կլիմայական յաւակնութիւնները քաղաքական պատուիրակութիւններու միջև. Ձեռք բերել պատմական հաւասարեցում՝ կլիմայական գործողութիւններու կոչի լոյսին տակ ապա միաւորել և առաւելագոյնի հասցնել COP 28-ին ներկայ կրօնական դերակատարներու հաւաքական գործողութիւնները։

Նշենք որ այս պիտի ըլլայ Քահանայապետի մը առաջին մասնակցութիւնը այսպիսի վեհաժողովի մը, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապին համար այս պիտի ըլլայ երկրորդ այցը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, 2019ի փետրուարին Ապու Տապի կատարած ճամբորդութենէն ետքը, որուն ընթացքին ստորագրեց Մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2023, 12:25