Որոնել

Մարդավաճառութիւն Մարդավաճառութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Յանձնառութեամբ պայքարիլ ստրկութեան բոլոր ձեւերուն դէմ

Կարդինալ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը ուղղեց “Global Slavery Index 2023 Vatican Spotlight” ժողովին մասնակիցներուն «Անհրաժեշտ է ամէն ջանք թափել մարդկային արժանապատուութիւնը կերպարանափոխող երեւոյթը արմատախիլ ընելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 13 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ «Քազինա Փիօ Դ» դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ Global Slavery Index 2023 Vatican Spotlight” նիւթով հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուեցան ստրկութեան ժամանակակից ձեւերը, որոնց շարքին բռնի աշխատանքը, հարկադիր ամուսնութիւնը, պարտքերու ստրկութիւնը, անձերու շահագործումը, ուր անհատ մը անկարողութեան կը մատնուի մերժելու կամ լքելու սպառնանքի, բռնութեան եւ իշխանութեան չարաշահումի պատճառով։

Վատիկանի պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառի տեսուչ, կարդինալ Փիթեր Թուրքսոնի յղած՝ Ֆրանչիսկոս Պապի անունով հեռագիրին մէջ նշեց, թէ «ստրկութիւնները, մարդկային արժանապատուութիւնը կերպարանափոխող ծանր ընկերային վէրք մըն է, որ անյապաղ պէտք է յաղթահարուի» ու Նորին Սրբութեան մաղթանք է, « վերանորոգուած ուշադրութիւն ազատութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ զօրակցութեան արժէքներուն, որոնք կը նպաստեն իւրաքանչիւր անձի իրաւունքները երաշխաւորելու եւ պաշտպանելու աւելի մեծ յանձնառութեան, ընդդէմ որեւէ տեսակի ստրկութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2023, 12:45