Որոնել

2023.11.23 Delegazioni della Federazione Italiana Settimanali Cattolici; dell'Unione Stampa Periodica Italiana; della Associazione Corallo; e dell'Associazione Cittadini Mediali AIART

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Կաթողիկէ լրագրութեամբ զբաղող լրագրողներու ընկերակցութիւններու հետ

Սրբազան Պապը նշեց թէ անոնց նպատակն է հասնիլ մարդոց «ուշադրութեամբ, մօտիկութեան ու մարդկայնութեամբ» ու հաստատեց, թէ «հաղորդակցութիւնը` կիսուիլ է, հաղորդութեան թելեր հիւսել է, կամուրջներ ստեղծել է՝ առանց պատեր բարձրացնելու»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 23 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Վատիկանի առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Կաթողիկէ Շաբաթաթերթերու դաշնութեան ու այլ լրագրական ընկերակցութիւններու անդամները, գնահատանք արտայայտելով հաղորդակցութեան աշխարհէն ներս անոնց տարած գործին համար, «ընթերցողները և օգտատէրերը կրթելու յանձնառութեամբ»։

Սրբազան Պապը նշեց, թէ անոնց նպատակն է հասնիլ մարդոց «ուշադրութեամբ, մօտիկութեամբ ու մարդկայնութեամբ» ու հաստատեց, թէ «հաղորդակցութիւնը` կիսուիլ է, հաղորդութեան թելեր հիւսել է, կամուրջներ ստեղծել է՝ առանց պատեր բարձրացնելու» եւ ասկէ մեկնելով ակնարկեց վերջին տարիներուն տարբեր նորամուծութիւններու մասին, որոնք «ազդած են լրագրութեան ոլորտի վրայ» , և «այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է միշտ նորոգել մարդկանց արժանապատուութիւնը, արդարութեան և ճշմարտութեան, օրինականութեան և կրթական համատեղ պատասխանատուութեան խթանման յանձնառութիւնը»:

Նորին Սրբութիւնը առ այդ առաջարկեց երեք ուղիներ` կազմաւորում, պաշտպանութիւն եւ վկայութիւն։

Կազմաւորում

«Կազմաւորումը, ըսաւ Ան, ճանապարհն է իրար կապելու սերունդները, խթանելու համար երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ երկխօսութիւնը, այդ միջսեռնդային դաշինքը, որ այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է», ապա որպէս դաստիարակութեան ուղեցոյց ակնարկեց Յիսուսի խօսքին «ըլլալ խոհեմ օձերու նման ու պարզունակ աղաւնիներու նման» (Մատթ.10,16) ։

Խոհեմութիւնն ու պարզութիւնը երկու հիմնական կրթական բաղադրիչներն են նաւարկելու այսօրուայ բարդութեան մէջ, յատկապէս ցանցային աշխարհին մէջ, ուր հարկաւոր է միամիտ չըլլալ ու միեւնոյն ժամանակ չիյնալ զայրոյթ եւ ատելութիւն սերմանելու փորձութեան մէջ»։

հաղորդակցութեան բնապահպանութիւն 

«Խոհեմութիւնը կ՛օգնէ նայելու հեռու ու կը մղէ գործելու «կանխատեսումով», հեռատեսութեամբ» ըսաւ Քահանայապետը նշելով, որ խոհեմութիւնը չի դասաւանդուիր այլ կ՛ապրուի, հուսկ նշեց, որ կաթողիկէ շաբաթաթերթերը միայն «լուր մը չեն հաղորդեր» այլ կը «փոխանցեն մարդկային և քրիստոնէական տեսլական՝ նպատակ ունենալով ձևաւորել մտքեր և սրտեր» եւ ասկէ մեկնելով քաջալերեց ներկաները խթանելու «հաղորդակցութեան բնապահպանութիւն մը»։

«Հաղորդակցութիւնը կը նշանակէ ձևաւորել մարդը: Հաղորդակցութիւնը կը ձևաւորէ հասարակութիւնը: Մի հրաժարիք կազմաւորումի ճանապարհէն, ան է` որ ձեզ հեռու պիտի տանի» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ պաշտպանութեան ուղիի մասին:

Պաշտպանել բոլորը

«Հիմնական է խթանել գործիքներ, որոնք կարող են պաշտպանել բոլորը, յատկապէս աւելիով դիւրաբեկները, զանոնք պաշտպանելով թուային ներխուժումէն և սադրիչ ու վիճային հաղորդակցութեան հրապուրանքներէն», ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ խթանել «քաղաքացիութեան գիտակցութիւն, որպէսզի ճանչցուին այս ասպարէզէն ներս իրաւունքներն ու պարտականութիւնները», որովհետեւ «դուք կանչուած էք մեծ գործի մը` խօսքերու և պատկերներու միջոցաւ պաշտպանելու մարդկանց արժանապատուութիւնը, յատկապէս փոքրերունը եւ աղքատներունը, Աստծոյ սիրելիներու արժանապատուութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը:

Վկայութիւնը

Երրորդ ուղին վկայութիւնն է, շարունակեց Քահանայապետը այս ուղղութեամբ որպէս օրինակ ներկայացնելով Երանելի Քարլօ Աքութիսը որ քաջածանօթ էր «հաղորդակցութեան, գովազդի և սոցիալական ցանցերու մեխանիզմներուն, որոնք կարող են նաեւ օգտագործուիլ մեզ դարձնելու` քունի մէջ իրեր... բայց Ան գիտեր, թէ ինչպէս հաղորդակցման այս նոր մեթոտները օգտագործել Աւետարանը փոխանցելու, արժէքներ և գեղեցկութիւն հաղորդելու համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «վկայութիւնը մարգարէութիւն է, ստեղծագործութիւն է, որ կ՛ազատէ եւ կը մղէ դուրս գալու անդորրութեան սահմաններէն, որպէսզի վտանգի տակ դնենք մենք զմեզ»։

«Աւետարանի հանդէպ հաւատարմութիւնը կ՛ենթադրէ լաւ ռիսկի դիմելու կարողութիւն: Երթալ հակահոսանք, անհատապաշտ այս աշխարհի մէջ խօսիլ եղբայրութեան մասին, պատերազմող աշխարհին մէջ խօսիլ խաղաղութեան մասին,  անհամբեր և անտարբեր աշխարհի մէջ խօսիլ աղքատներու նկատմամբ ուշադրութեան մասին: Բայց այս մէկը կարելի է կատարել հաւատալի կերպով միայն եթէ մենք նախ վկայենք այն ինչ, որուն մասին կը խօսինք» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը եւ ճառը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները յառաջ ընթանալու եւ անոնց յանձնառումը վստահեցաւ Սուրբ Ֆրաչեսքօ Տէ Սալեսի եւ Երանելի Քարլօ Աքութիսի, «որպէսզի, ըսաւ Ան, անոնք առաջնորդեն ձեր քայլերը, կազմաւորումի, պաշտպանութեան եւ վկայութեան ուղիներու վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2023, 10:53