Որոնել

Սրբազան Պապը` կէսօրուայ ճաշը կիսեց հազարէ աւելի աղքատներուն հետ

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Աղքատներու Համաշխարհային եօթներորդ օրուան առիթով Սուրբ Աթոռի Բարեգործութեան ծառայութեան վերատեսչութեան կողմէ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, մինչ Ճաշը նուիրուած է Իտալիայի Hilton Hotels-ի կողմէ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աղքատներու Համաշխարհային եօթներորդ օրուան առիթով, Կիրակի 19 նոյեմբերին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կէսօրուան ճաշը կիսեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Սուրբ Աթոռի Բարեգործութեան ծառայութեան վերատեսչութեան կողմէ հիւրընկալուած 1.250 կարիքաւորներուն հետ։ Ճաշը նուիրուած էր Իտալիայի Hilton Hotels-ի կողմէ:

Ճաշին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը սեղանը օրհնելով հրաւիրեց ներկաները միասին աղօթելու, որպէսզի,  ըսաւ Ան «Տէրը մեզ օրհնէ, օրհնէ կերակուրը եւ օրհնէ նաեւ այս բարեկամութեան պահը, բոլորս միասին, ու նաեւ մեզի ընկերանայ կեանքին մէջ»։ Սրբազան Պապը ապա աղօթեց.  «Տէր օրհնէ մեզ բոլորս, օրհնէ այս կերակուրը, օրհնէ անոնք` որոնք պատրաստեցին զայն, օրհնէ անոնք` որոնք մեզ կ՛օգնեն մեր կեանքին մէջ, որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ, յանուն հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։

Աղքատներու համաշխարհային Օրուան այս տարուայ բնաբանն է «հայեացքդ մի շեղեր աղքատէն»։ Օրուան առիթով իր հրատարակած պատգամին մէջ Քահանայապետը նշած էր, որ ամէն օր աղքատութեան գետը կը հոսի մեր քաղաքներուն մէջ ... այդ գետը կարծես մեզ կը հեղեղէ, այնքան շատ եղբայրներու և քոյրերու աղաղակին ի տես,  որոնք կը խնդրեն օգնութիւն, աջակցութիւն և զօրակցութիւն: Այդ իսկ պատճառով, Տիեզերքի Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի տօնին նախորդող կիրակի օրը, մենք կը հաւաքուինք Անոր սեղանին շուրջ մէկ անգամ եւս ստանալու անոր պարգևը և պարտաւորութիւնը՝ ապրելու աղքատութիւնը և ծառայելու աղքատներուն»:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2023, 13:17