Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Եկեղեցին կին է պէտք է «ապաարականացնել»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միջազգային Աստուածաբանական յանձնաժողովին անդամները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 30 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միջազգային Աստուածաբանական յանձնաժողովի անդամները, ընկերակցութեամբ կարդինալ Ֆերնանտեզի։

Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն փոխանցեց գրաւոր պատգամ մը ապա յղեց եանպատրաստից խօսք, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին շեշտը դնելով, որ Աստուածաբանական խորհրդածութիւնը յոյժ կարեւոր է։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ եկեղեցիէն ներս կանանց ներկայութեան կարեւորութեան մասին նշելով, որ կինը ունի մեզմէ տարբեր աստուածաբանական մտորում, ու յառաջիկայ ինը կարդինալներու ժողովին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ իգական ներկայութեան մասին մտորում։

«Եկեղեցին կին է», ըսաւ Սրբազան Հայրը նշելով, որ եկեղեցիէն ներս ամենէն մեծ մեղքերէն մէկը եղած է եկեղեցին այրական դարձնելը։ Այս կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց աստուածաբան Պալտասարի միտքը, որ է պետրոսեան սկզբունք ու մարեմական սկզբունքը դիտել տալով որ Մարիեմականը աւելի կարեւոր է, որովհետեւ եկեղեցին անոր վրայ կը կանգնի ու եկեղեցին կին է։

Ֆրանչիսկոս Պապ եանպատրաստից խօսքը աւարտեց ներկաներուն փոխանցելով պարտականութիւն մը եկեղեցին նուազ այրական դարձնելու։

Պապին գրաւոր պատգամը

Նորին Սրբութեան գրաւոր պատգամին նիւթը եղաւ «եկեղեցւոյ միսիոնարական դարձը» (Աւետարանական ուրախութիւնը 30), յայտնելով թէ «անիկա կ՝արձագանգէ Յիսուսի աւետարանելու հրաւէրը,՝ որդեգրուած Վատիկանեան Տիեզերական ժողովէն, որ մինչեւ այսօր կ՝առաջնորդէ եկեղեցական ուղեւորութիւնը, ուր Սուրբ Հոգին իր ձայնը լսելի կը դարձնէ մեր ժամանակներուն համար»

Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ միջազգային Աստուածաբանական յանձնաժողովի կողմէ քննարկուած ներկայ մարտահրաւէրները, որոնց շարքին կը նշէ մարդաբանական հարցն ու բնապահպանական նիւթերը։

Ան ապա խօսքը կը կեդրոնացնէ յանձնաժողովի անդամներուն այն ծառայութեան վրայ, որուն նպատակն է առաջարկել Սուրբ Երրորդութեան եւ Քրիստոսադաւանութեան մշտական արդիականութեան մասին ներառական եւ թարմացուած խորհրդածութիւն, որ դաւանուած է Նիկիոյ ժողովի ընթացքին, որուն մօտ օրէն 1700 ամեակը պիտի նշուի, կը գրէ Սրբազան Հայր ան ապա Այս առնչութեամբ կը կիսէ երեք պատճառներ, որոնք խոստումնալից դարձուցին Նիկիոյ ժողովի վերագտնումը։

Հոգեւորական

Նորին Սրբութիւն կը նշէ թէ Յիսուսի հրաւէրը՝ «լոյսը չվառել ու գրուանին տակ դնել այլ աշտարակի վրայ՝ որպէսզի լոյս տայ բոլոր տնեցիներուն», (Մատթ 5,15), կը վերաբերի նաեւ Աստուածաբաններու ծառայութեան ու աստուածաբաններուն յանձնուած է Քրիստոսի յաւերժական լոյսի զարմանալի շողերը տարածելը՝ եկեղեցւոյ տան եւ աշխարհի խաւարէն ներս։

Սիւնոդական

«Սիւնոդականութիւնը հաղորդակցութեան վերաբերմունքի եւ մասնակցութեան գործընթացներու վերածելու ճանապարհն է, այն Երրորդութեան ուժականութիւնը, որուն միջոցաւ Աստուած Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիի շունչով կու գայ հանդիպելու մարդկութեան» գրած է Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ Աստուածաբաններուն վստահուած է, այդ հրաշալի մարդկայնացնող ուժի հարստութիւնը տարածելու մեծ պատասխանատուութիւնը։

Համամիութենական

Նորին Սրբութիւնը կը յիշէ դէպի քրիստոնեաներու միութեան լիակատար միութեան տանող արտասովոր տարեդարձը նշելով որ Նիկիոյ խորհրդանիշը կը միացնէ Յիսուսի աշակերտները եւ 2025ին, զատկուան տօնակատարութեան թուականը կը համապատասխանէ բոլոր քրիստոնէական դաւանանքներուն։ «Ո՚րքան գեղեցիկ պիտի ըլլայ եթէ դա յատկանշէ Զատկուայ միշտ ընդհանուր տօնակատարութեան շօշափելի մեկնարկը» գրած է ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՝աւարտէ, շնորհակալութիւն յայտնելով յանձնաժողովին անդամներու մատուցած ծառայութիւններուն համար, ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը կը խնդրէ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2023, 11:51