Նախագահ Զելենսքին շնորհակալութիւն յայտնեց Պապին Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերուն աջակցութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Նոր հեռախօսազրոյց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին միջեւ։ Այս մասին, հինգշաբթի, 28 դեկտեմբերին երեկոյեան յայտնեց, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, նախագահական պաշտօնական կայքէջին եւ Իքս Ընկերային ցանցին վրայ մէջբերուած ներկայացուցած ելոյթին մէջ։
«Ես հազիւ զրուցեցի Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու համար Անոր, Ուքրանիոյ եւ Ուքրանացիներու փոխանցած Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւններու համար, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան, մեզի բոլորիս համար արդար խաղաղութեան բարեխմաղթանքներուն համար» նշեց Նախագահ Զելենսքին աւելցնելով «Քննարկեցինք Խաղաղութեան բանաձեւին շուրջ համատեղ աշխատանքը. Աւելի քան 80 պետութիւններ ներգրաւուած են իրենց ներկայացուցիչներու մակարդակով։ Տեղի պիտի ունենան նաեւ ուրիշներ։ Երախտապարտ եմ Վատկիկանին մեր աշխատանքին աջակցելու համար»։
Յայտնենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ 13 մայիսին էր, որ երկրորդ անգամուան համար ընդունած էր Ուքրանիոյ նախագահը, 2020 թուականին, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ սկիզբ առած պատերազմէն ետք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ