Որոնել

Խթանենք խաղաղութիւնը եւ պաշտպանենք մեր հասարակաց տունը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը` Տուպայի «Faith Pavilion» բացման առիթով։ Մենք օրինակ ըլլանք՝ որպէս կրօնական ներկայացուցիչներ, ցոյց տալու, որ փոփոխութիւնները հնարաւոր են, վկայելու յարգալից և կայուն ապրելակերպի ձեւեր, և բարձրաձայն խնդրենք ազգերու առաջնորդներէն, որպէսզի հասարակաց տունը պահպանուի:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 3 դեկտեմբերի առաւօտեան Տուպայի մէջ կայացած կլիմայական փոփոխութեան ՄԱԿ-ի COP28 վեհաժողովի ծիրէն ներս, բացումը կատարուեցաւ «Faith Pavilion»ին - հաւատքի տաղաւարին»։

Բացման այս արարողութեան նախատեսուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութիւնը սակայն ինչպէս գիտէք առողջական հարցերու բերումով ան չի կարողացաւ իրականացնել դէպի Տուպայ ճամբորդութիւնը եւ իր պատգամներու փոխանցումը վստահեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին, որ երէկ եւս, COP28ի կեդրոնական ընդհանուր նիստի ընթացքին ժողովականներուն փոխանցեց Նորին Սրբութեան պատգամը։

Բացման արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ` Ահմատ Ալ Թայեպը եւ Միջ կրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Անկել Այուզօ Կիսոն։

Բացման արարողութեան ընթացքին Կարդինալ Փարոլինը ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը մինչ Քահանայապետը ուզեց լսատեսողական պատգամ մը ուղարկել, որուն մէջ ան նախ տխրութիւն արտայայտեց իր բացակայութեան համար ու նշեց, որ ինք Կարդինալ Փարոլինին կը յանձնէ իր խօսքերուն փոխանցումը։

«Կ՛ուզեմ ձեզի ըսել շնորհակալութիւն։ Շնորհակալութիւն, որովհետև դուք COP-ի ծիրէն ներս, առաջին անգամ ըլլալով ստեղծեցիք կրօնական տաղաւար: Եւ շնորհակալութիւն, քանի որ ասիկա ցոյց կու տայ միասին աշխատելու ցանկութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը լսատեսողական պատգամին մէջ աւելցնելով, որ «այսօր աշխարհը կարիքը ունի դաշինքներու, որոնք մէկու մը դէմ չըլլան, այլ ի նպաստ բոլորին» յարեց Ան ու հրատապ նկատեց որ «կրօնները, լաւ օրինակ հանդիսանան, աշխատելով միասին՝ ոչ թէ իրենց կամ մէկ կուսակցութեան շահերու, այլ մեր աշխարհի շահերուն համար: Անոնցմէ ամենակարևորներն են խաղաղութիւնն ու կլիման» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը։

«Մենք օրինակ ըլլանք՝ որպէս կրօնական ներկայացուցիչներ, ցոյց տալու, որ փոփոխութիւնները հնարաւոր են, վկայելու յարգալից և կայուն ապրելակերպի ձեւեր, և բարձրաձայն խնդրենք ազգերու առաջնորդներէն, որպէսզի հասարակաց տունը պահպանուի: Այս մէկը մեզմէ կը խնդրեն, մասնաւորապէս, փոքրերն ու աղքատները, որոնց աղօթքները կը հասնին Բարձրեալի գահին։ Անոնց և բոլորի ապագային համար պաշտպանենք ստեղծագործութիւնը և պաշտպանենք մեր հասարակաց տունը. ապրինք խաղաղութեան մէջ եւ խթանենք խաղաղութեանը: Շնորհակալութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով պատգամը։

Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ կը ստորագրէ COP28 «Faith Pavillon» տաղաւարի հաւատքի հռչակագիրը

Սրբազան Քահանայապետը եւս ստորագրեց ՄԱԿ-ի Կլիմայի համաժողովին Տուպայի մէջ հաւաքուած տարբեր դաւանանքներու ներկայացուցիչների հռչակագիրը որուն մէջ կը պահանջուի արագացնել ուժանիւթի անցումը առանց «ոչ մէկկը թողելով ետին», ապա հրաւէր կ՛ուղղուի համախմբուիլ համատեղ և վճռական ձևով՝ «պաշտպանելու հասարակաց տան շքեղութիւնը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2023, 06:36