Որոնել

«Աստուծոյ օգնութեամբ ընդհանուր ապագան վերածենք լոյսի արշալոյսի». Ֆրանչիսկոս Պապը COP 28ի ժողովականներուն։

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Տուպայի մէջ կայացած ՄԱԿ-ի կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած COP 28ի ժողովականներուն ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին այս առիթով պատրաստած պատգամը։ Սրբազան Պապը առողջական վիճակի պատճառաւ չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ վեհաժողովին բայց եւ այնպէս ուզեց իր պատգամով խրախուսել ժողովականները վճռական քայլեր կատարելու ի նպաստ բնապահպանութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 2 դեկտեմբեր 2023ին Տուպայի մէջ կայացած ՄԱԿ-ի կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած COP28ին առիթով Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ կը գլխաւորէ վեհաժողովին մասնակցող Վատիկանի Պատուիրակութիւնը, ընդհանուր նիստի ընթացքին ընթերցումը կատարեց պատգամին, զոր պատրաստած էր Ֆրանչիսկոս Պապը եւ որ առողջական հարցերու բերումով չկարողացաւ անձամբ մասնակցիլ այս հաւաքին։

Քահանայապետին պատգամը

«Չեմ կրնար դժբախտաբար ներկայ գտնուիլ ձեր միջեւ այնպէս ինչպէս պիտի ուզէյի, սակայն ես ձեր հետն եմ, որոհեվետւ ժամանակը լուրջ է». Այս խօսքերով կը սկսի Ֆրանչիսկոս Պապին պատագմը, որ, ինչպէս նշեցինք, ուղղուած է Տուպայի COP28ի ժողովականներուն։ Ժողով` որ սկիզբ առաւ 30 նոյեմբերին ու պիտի աւարտի 12 դեկտեմբերին եւ որուն մէկ եւ երկու դեկտեմբերին նախատեսուած ընդհանուր նիստին, իրենց մասնակցութիւնը բերին 140 ներկայացուցիչներ։

Արարչութեան կործանումը մեղք է

Ֆրանչիսկոս Պապը իր քահանայապետութեան սկիզբէն ի վեր ջանաց ցոյց տալ` թէ արարչագործութեան կործանումը մեղք մըն է եւ ճիշտ այս կէտին վրայ է, որ Ան շեշտը դրաւ իր պատգամին սկիզբը.

«Ես ձեր հետն եմ, որովեհետւ արարչութեան կործանումը Աստուծոյ նկատմամբ նախատինք է, մեղք է, որ միայն անհատական չէ, այլեւ կառուցային, որ կ՛ազդէ մարդոց վրայ, մասնաւորպաէս ամենադիւրաբեկներուն վրայ, լուրջ վտանգ` որ կը ծանրանայ բոլորին վրայ և կը սպառնայ սերունդներու միջև բախում յառաջացնել»։

Յիշելով, որ կլիմայի փոփոխութիւնը պայմանաւորուած է մարդկային ծագում ունեցող ջերմոցային կազերու արտանետմներով, Քահանայապետը դատապարտեց «արտադրելու և տիրապետելու կամքը [որ] վերածուած է մոլուցքի և հանգեցած անսահման ժլատութեան, որ շրջակայ միջավայրը դարձուց անսանձ շահագործումի առարկայ»։

Խոչընդոտներ

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը թուարկեց այն խոչընդոտները, որոնք որոշում կայացնողները կը պահեն անկայուն ճանապարհին վրայ,  անոնց շարքին յիշելով նախ եւ առաջ` եկամուտի պաշտպանութեան առաջնահերթութիւն տալու փաստը՝ արդարացումներ գտնելով անցեալին ուրիշներու ըրածին հիման վրայ եւ անոնց վերագրելով պատասխանատուութիւնը։ Ապա փորձերը՝ պատասխանատուութիւնը դնելու «բազմաթիւ աղքատներու և ծնունդներու թիւին վրայ»։

«Անիկա աղքատներու մեղքը չէ, քանի, որ աշխարհի գրեթէ կէսը, ամենաաղքատը, պատասխանատու է աղտոտող արտանետումներու հազիւ 10%-ի համար, մինչդեռ առկայ բացը` մի քանի հարուստներու ու բազմաթիւ աղքատներու միջեւ երբեք այսքան անդնդային չէ եղած» կը նշէ Քահանայապետը ու կը հաստատէ` որ «ամենաաղքատները ջերմոցային կազերու վերջին արտանետողներն են և անոր առաջին զոհերը»։

Վերացնել աղքատ երկիրներու պարտքերը

«Եկէք մտածենք բնիկ բնակչութեան, անտառահատումներուն, սովի ողբերգութեան, ջուրի և սնունդի անապահովութեան, հրահրուած գաղթականութեան հոսքին», շարունակեց Սրբազան Պապը ընդգծելով` որ ծնունդները խնդիր չեն, այլ կենսամիջոց եւ անգամ մը եւս յիշեցուց Սուրբ Աթոռին երկար տարիներու խնդրանքը հայող պարտքի վերացման հարցին որ էական է։

«Պէտք է համապատասխան միջոցներ գտնել տարբեր ժողովուրդներու վրայ ծանրացած ֆինանսական պարտքերը վերացնելու համար՝ հաշուի առնելով նաև անոնց նկատմամբ ունեցած բնապահպանական պարտքը», դիտել տուաւ Քահանայապետը։

Բազմակողմնութեան ուժը` ելքի ճամբայ

Ան ապա որպէս ելքի ճամբայ առաջարկեց «բազմակողմնութեան ուժը», յիշեցնելով, որ անիկա նաև առանցքային է` կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի գործընթացի մէջ:

«Այս առումով մտահոգիչ է, որ մոլորակի տաքացումին կ՛ուղեկցի բազմակողմնութեան ընդհանուր սառեցում, Միջազգային հանրութեան նկատմամբ աճող անվստահութեամբ» նշեց Նորին Սրբութիւնը, բազմակողմանութեան վերակառուցումը կարևոր նկատելի նաև խաղաղութեան համար։

«Որքա՞ն եռանդ կը վատնէ մարդկութիւնը այսքան շարունակուող պատերազմներուն մէջ, ինչպիսիք են Իսրայէլի և Պաղեստինի, Ուկրանիոյ և աշխարհի շատ այլ շրջաններուն մէջ հակամարտութիւններ, որոնք չեն լուծեր խնդիրները, այլ զանոնք կ՛աւելցնեն։ Որքա՜ն միջոցներ կը վատնուին սպառազինութիւններու վրայ, որոնք կեանքեր կը կործանեն և կը կործանում հասարակաց տունը», գրած է Սրբազան Պապը Կարդինալ Փարոլինի ընթերցած պատգամին մէջ ու նորոգած`  զէնքերու յատկացուած միջոցները սովի վերացման համաշխարհային հիմնադրամի վերածելու իր կոչը:

Տուպայի COP-ը շրջադարձային

«Թող այս COP-ը շրջադարձային ըլլայ, թող ան դրսևորէ յստակ և շօշափելի քաղաքական կամք, որ հանգի բնապահպանական անցման վճռական արագացումին» կը յորդորէ Նորին Սրբութիւնը, ու կը մատնանշէ որ այս COP28-ին համար, որ նախատեսուած է ըլլալու պատմական, Սուրբ Աթոռը կ՛ առաջարկէ մշակել չորս սիւներ՝ խուսափելու ինքնաոչնչացումի պարոյրէն, որուն մէջ ընկղմած է մարդկութիւնը. բնապահպանական արդիւնաւէտութիւնը, վերանորոգուող միջոցներ, հանածոյ վառելիքի վերացում և ապրելակերպի կրթութիւն:

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը յիշելով 800 տարիներ առաջ Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին յօրինած «արաչագործութեան օրհներգը» զայն կը ներկայացնէ, որպէս «մարդկութեան համար ներշնչման աղբիւր» ապա ճառը կ՛եզրաեակէ հետեւեալ խօսերով. «Աստուծոյ օգնութեամբ եկէք դուրս գանք պատերազմներու և շրջակայ միջավայրի աւերածութիւններու խաւարէն, որպէսզի ընդհանուր ապագան վերածենք լոյսի արշալոյսի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2023, 09:41