Որոնել

VATICAN POPE FRANCIS GENERAL AUDIENCE

«Չշփոթենք տօնակատարութիւնը սպառողականութեան հետ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Մօտիկ ըլլանք պատերազմէն տուժած մեր եղբայրներու ու քոյրերուն։ Մտածենք Պաղեստինի, Իսրայէլի, Ուկրանիայի մասին։ Եկէք մտածենք նաև անոնց` որոնք կը տառապին աղքատութիւնէ, սովէ և ստրկութիւնէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 դեկտեմբեր 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարերկրեայ հաւատացեալ ուխտաւորները նախ զօրակցութիւն յայտնեց իտալացի այն քաղաքացիներուն, որոնք եկած են «ապականած» յայտարարուած շրջաններէ ու ժամանակէ ի վեր կը սպասեն որ այդ տարածքները մաքրուին, յոյս յայտնելով որ «անոնց ձայնը լսելի ըլլայ»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ աղօթքի մէջ Սուրբ Ծնունդի նախօրեակ, սիրելիներու ջերմութեան եւ ժուժկալութեան մէջ եւ ասկէ մեկնելով ուզեց խորհուրդ մը տալ բոլորին` այն է` «չշփոթել տօնակատարութիւնը սպառողականութեան հետ»:

«Մենք կարող ենք - և որպէս քրիստոնեաներ պարտաւոր ենք - տօնել պարզութեամբ, առանց մսխումի եւ կիսելով անոնց հետ` որոնք չունին անհրաժեշտ բաներ կամ ընկերակցութիւն: Մօտիկ ըլլանք պատերազմէն տուժած մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Մտածենք Պաղեստինի, Իսրայէլի, Ուկրանիայի մասին։ Մտածենք նաև անոնց` որոնք կը տառապին աղքատութիւնէ, սովէ և ստրկութիւնէ։ Աստուած, որ իրեն համար ուզեց մարդկային սիրտ, մարդկութիւն թող սերմանէ մարդոց սրտերուն մէջ», յարեց Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2023, 12:30