Եղէ՛ք խաղաղութեան կերտողներ․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
7 Դեկտեմբեր 2023 թուականին, Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ֆոքոլարինի շարժումի (Movimento dei Focolari) շուրջ 100 անդամները՝ հասարակութեան հիմնադրումի 80ամեակի առթիւ, որու օրը կը համընկնէ հիմնադրուհի՝ Քիարա Լուպիխի՝ Տիրոջը ինքզինքը ամբողջովին նուիրելու օրուան հետ՝ 7 Դեկտեմբեր 1943 թուական։
Ֆոքոլարինի շարժում կամ Սուրբ Մարիամի Գործ անուանումը ստացած հասարակութիւնը «այս ութսուն տարիներու ընթացքին գործերու մեծ ծաղկումի, նախաձեռնութիւններու, ծրագիրներու եւ յատկապէս «վերածնունդներու», դարձի, կոչումներու եւ Քրիստոսին նուիրաբերուած կեանքերու աշխոյժ գործիք» եղած է ըսաւ անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Սրբազան Պապը։
Ան ապա յղում կատարեց 6 փետրուար 2021 թուականին Ֆոքոլարինի շարժման Ընդհանուր Ժողովին ունեցած իր պատգամին եւ յիշեցուց, որ անոր մէջ ընդգծած էր երեք կարեւոր կեցուածքներ անոնց ուղեւորութեան համար՝ ապրիլ «շարժական հաւատարմութեամբ», ընդունել «ճգնաժամի պահերը որպէս հասունացման հնարաւորութիւններ», «հետեւողականութիւն եւ իրատեսութիւն»՝ ապրիլ հոգեւորութիւնը։
Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը քաջալերեց այդ երեք վարմունքները խթանել երեք ուղղութիւններով։․
Եկեղեցական հասունութիւն՝ որ ըստ Նորին Սրբութեան կ’ենթադրէ աշխատիլ, որպէսզի լիարժէք սիւնհոդոսական եւ միսիոներական Եկեղեցւոյ երազանքը իրականութիւն դառնայ՝ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով թոյլերուն եւ անոնց, որոնք աջակցութեան կարիք ունին։
Հաւատարմութիւն շնորհապարգեւին՝ սերմանել միասնութիւն Աւետարանը հռչակելով, որպէսզի Յիսուս բարի լուր ըլլայ առանց բացառութեան բոլորի համար, և «որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան» (Յովհաննէս 17։21)։
Նուիրուածութիւն խաղաղութեանը․ «Խաղաղութեան պտուղը կը ծնի միայն սէրէն։ Ահա թէ ինչու կը խնդրեմ ձեզի ըլլալ խաղաղութեան վկաները եւ կերտողները, որ Քրիստոս ձեռք բերաւ իր խաչով` յաղթահարելով թշնամութիւնը», նշեց Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց, որ Երկրորդ աշխարհամարտէն մինչ օրս պատերազմները չեն վերջացած եւ չենք գիտակցիր պատերազմի այդ ողբերգութիւնը։․ «Ձեզի գաղտնիք պիտի ըսեմ», յարեց Ան, ըսելով թէ լաց եղած է երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմի 100ամեակի առթիւ այցելած է Ռետիփուլիայի գերեզմանոց՝ հաստատելով, որ ամէն 2 նոյեմբերին կ’այցելէ վերոնշեալ պատերազմի զոհերու գերեզմանատուներ եւ ընդգծելով, որ «Պատերազմի մէջ բոլորը կը պարտուին»։
Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամն աւարտելէն առաջ յորդորեց ներկաները, որպէսզի այս Յիսնակաց շրջանին չկորսնցնեն զգօնութիւնը, քանզի «հոգևոր աշխարհիկութեան վտանգը միշտ թաքնուած է»։
Ան, ի վերջոյ, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներու, յորդորեց վստահօրէն շարունակել ճամբորդութիւնը, օրհնեց բոլորին եւ, ինչպէս միշտ խնդրեց չմոռնալ աղօթել իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ