Որոնել

2023.12.07 Membri dell'Associazione Nazionale San Paolo Italia (Anspi)

Քրիստոնեաները չեն կրնար տխուր ըլլալ, քանզի Աւետարանը ուրախութիւն է, յոյս, լոյս, փրկութեան աւետիս. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ընդունեց Իտալիոյ Սուրբ Պօղոս Ազգային Ընկերակցութեան անդմաները՝ ընկերակցութեան հիմնադրման 60ամեակի կապակցութեամբ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 7 Դեկտեմբերին Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունեց Իտալիոյ Սուրբ Պօղոս Ազգային Ընկերակցութեան (ANSPI) անդամները՝ ընկերակցութեան հիմնադրման 60ամեակի կապակցութեամբ։

Իր պատգամին սկիզբը Պապը քաջալերեց առանց յոգնելու առաջ տանիլ Ընկերակցութեան հիմնադիր Գերապայծառ Պաթիսթա Պելոլիի «մարգարէական» ծրագիրը՝ «քաջութեամբ եւ զայն միշտ նորոգելու ստեղծարարութեամբ» եւ գործել յանուն կրթութեան, ընտանիքին աջակցութեան եւ եղբայրութեան գեղեցկութիւնը հաղորդելու համար՝ այս «բռնութեան կծիկներով, պարտազանցութեան եւ ատելութեան զգացումներով շրջապատուած աշխարհի մէջ» ։

Ծրագիր, որուն իր աջակցութիւնը տուած էր այդ ժամանակուայ Արքեպիսկոպոս Մոնթինին՝ ապագայ Պօղոս Զ Պապը, որուն անունով կը կոչուի Ընկերակցութիւնը։

Անձը դարձնել ամէն բանի առանցք

Սրբազան Քահանայապետը յիշելով, որ ANSPIին իր մշակութային և գեղարուեստական ​​առաջարկներու մէջ անձը կը դարձնէ առանցք, ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ունենալ «ամբողջական մարդը սիրտին մէջ, բոլոր իմաստներով` զգայնական, հոգեբանական, հոգեւոր, իմացական եւ ֆիզիկական»:

Պապն այնուհետև յղում կատարեց Սուրբ Ճովաննի Պոսքոյին, ըստ որուն պէտք է ըլլալ «լաւ քրիստոնեաներ եւ ազնիւ քաղաքացիներ»՝ գիտակցելով, որ կրթութիւնը չէ կարող ընթանալ ճահճային բաժանմունքներով։ «Եկեղեցականն ու քաղաքացիականը նոյն մետաղադրամի երկու երեսն են, երկուսն էլ կը նպաստեն անհատի եւ համայնքի բարօրութեան», յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Աւետարանի ուրախութեամբ լուսաւորուած քրիստոնեաներ

Ան իր խօսքը եզրափակեց Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիին խօսքերով, որ կը սիրեր կրկնել՝ «Եղէ՛ք կենսուրախ, եղէ՛ք զուարթ»։ «Ուրախութիւնը ամենամեծ դեղամիջոցն է։ Երբ մարդ կը կորսնցնէ ուրախութեան այդ կարողութիւնը, ներսը ինչ-որ վատ բան կայ»,- ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ շեշտելով, որ «Քրիստոնեաները չեն կրնայ տխուր ըլլալ», քանզի «Աւետարանը ուրախութիւն է, յոյս, լոյս, փրկութեան աւետիս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2023, 12:51