Գաղթականներու իրաւունքներու միջազգային օր. «Անհրաժեշտ է սէր նման Աստուծոյ սիրոյն». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
18 դեկտեմբերին կը յիշատակուի ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի կողմէ որդեգրուած է գաղթականներու միջազգային օրը։
Ամէն տարի այս օրուայ առթիւ կոչ կ՛ուղղուի միջազգային հանրութեան աւելի մեծ ուշադրութիւն յատկացնելու դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած գաղթականներուն, որոնք կը գտնուին իրենց հայրենիքէն հեռու եւ ունին օգնութեան ու պաշտպանութեան կարիքը:
Օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միանալով վերոնշեալ կոչին Քահանայապետական X ընկերային ցանցին վրայ կատարեց գրառում մը որուն պարունակութիւն քաղուած է Նորին Սրբութեան Մալթա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս 3 ապրիլ 2022ին գաղթականներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած ճառէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ