Սուրբ Պետրոս հրապարակի Մսուրի բացումը եւ տօնածառի լուսաւորումը
9 դեկտեմբերին ժամը 17.00ին Կառավարչատան նախագահ կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկես Ալզական եւ Ընդհանուր քարտուղար քոյր Ռաֆֆաելլա Փեթրինին Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ գլխաւորեցին Ծննդեան Մսուրին բացումի եւ Տօնածառին լուսաւորումի արարողութիւնը մասնակցութեամբ Մսուրի ու Տօնածառի նուիրատու վայրերու՝ համապատասխանաբար Լացիօ նահանգի Ռիեթիի թեմի Ռէաթինա հովիտ եւ Փիեմոնթե նահանգի Սալուցոյի թեմ Մաքրա գիւղաքաղաք, եկեղեցական, նահանգային, քաղաքային պատասխանատուներու գլխաւորած պատուիրակութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
09/12/2023, 18:30