Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իտալական օդային ուժերու ներկայացուցիչները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իտալական օդային ուժերու ներկայացուցիչները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. օդային ուժերը թող կեանքի, արդարութեան եւ խաղաղութեան պաշտպանը ըլլան

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական օդային ուժերու ներկայացուցիչները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 9 դեկտեմբերին, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ ռազմաօդային ուժերու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները, հիմնարկութեան հիմնադրութեան առաջին հարիւր ամեակի առիթով։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը նշեց, որ վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին գիտութեան յառաջդիմութիւնը փոխակերպեց մարդկութեան կեանքը, յատուկէն «յատկանշեց թռիչքի աշխարհը» մեթոտներու եւ միջոցներու արտասովոր յեղափոխութեամբ մը, «յառաջդիմութիւն մը, որ ինչպէս միշտ բերեց նաեւ հարցեր եւ որոգայթներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ հետազօտութիւնը, նորարարութիւնը եւ նոր արհեստավարժութիւնները պէտք չէ երբեք ստորադասուին ուժային շահերուն կամ վնասակար օգտագործման, այլ պէտք են միշտ ուղղուած ըլլան մարդու համապարփակ բարօրութեան, բոլոր ժողովուրդներու զարգացման եւ աւելի մեծ արդարութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարձր գնահատեց օդային ուժերուն անդամներուն մատուցած մարդասիրական ծառայութիւնները նշելով, որ այսօր օդուժի բանակը ինչպէս նաեւ բոլոր զինծառայողները պատերազմներու մէջ ներկայ ըլլալէ անդին կը գործեն տարբեր շրջանակներէն ներս, որոնց շարքին միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութիւնը՝ մարդասիրական առաքելութիւններու եւ խաղաղութեան զօրակցութեան համար, լուրջ բնական աղէտներու փրկարար աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ անապահով վիճակի մէջ գտնուող ժողովուրդներու ի նպաստ։

«Դուք տղամարդիկ եւ կանայք էք, բնութագրուած մեծ  քաջութեամբ եւ յանձնարարութեամբ, միշտ պատրաստ վճարելու ձեր ջանքերու եւ երբեմն կեանքի գինը, օրինակի համար  Քոնկոյի Քինտու քաղաքին մէջ 13 Իտալացի զինուորներու սպանութիւնը՝ ՄԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ մարդասիրական օգնութեան փոխադրութեան ժամանակ», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով  «Այս ժամանակաշրջանին մէջ, ուր մարդկութիւնը տանջուած է սարսափելի բախումներով, այդ մարդասիրական հարստութեան պահպանումը լաւագոյն երաշխիքն է այն բանին, որ ձեր յանձնարարութիւնը միշտ ուղղուած է կեանքի, արդարութեան, խաղաղութեան պաշտպանութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց յաձնելով ներկաներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները Լորեթօ Տիրամօր հովանիին, «որուն ծիսական յիշատակը պիտի կատարուի վաղը», ըսաւ Սրբազան Հայրը խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2023, 11:10